Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան շաբաթավերջին այցելեց Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր ստուգեց օդակայանի բժշկական բաժինն ու «Քորոնա» ժահրին Լիբանան մուտքը արգիլելու նպատակով անոր որդեգրած կանխարգիլման միջոցները:
Այցելութենէն ետք Հասան յայտնեց, որ չկան տեղեկութիւններ, թէ Չինաստանի մէջ լիբանանցիներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով:
Ան նշեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կան բժշկական չորս անձնակազմեր, որոնք կազմ ու պատրաստ են` «Քորոնա» ժահրով վարակուածները ստանձնելու:
Հասան ընդգծեց, որ իրարանցումի պատճառ չկայ` աւելցնելով, որ կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի:
Հասան գործակցութեան կոչ ուղղեց բոլորին` պաշտպանելու համար քաղաքացիներուն խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը: