Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըթթի. «Արաբական Նախաձեռնութիւնը Խաղաղութեան Եւ Արդարութեան Հաստատումի Ամբողջական Մօտեցում Է»

Յունուար 31, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարած «Դարու գործարք»-ը երէկ շարունակուեցաւ դատապարտուիլ լիբանանեան քաղաքական գրեթէ բոլոր շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ երկրին հոգեւոր պետերուն կողմէ:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի շեշտեց, որ 2002-ին Պէյրութի մէջ համախոհութեամբ որդեգրուած Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը խաղաղութեան եւ արդարութեան հաստատումի ամբողջական մօտեցում է:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ իրենց վրայ բնակեցումի տարբերակը պարտադրել:

Նշենք, որ Հըթթի երկուշաբթի, 3 փետրուար 2020-ին պիտի մեկնի Ռիատ` մասնակցելու համար Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի «Դարու գործարք»-ը:

Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան յայտնեց, որ «Դարու գործարք»-ը գոյութենական պատերազմի ծրագիր մըն է` պաղեստինցի մեր ժողովուրդը իր արմատներէն պոկելու իմաստով:

Ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումը հաստատեց, որ վճռական խօսքը շրջանի ժողովուրդներուն եւ զինեալ Դիմադրութեան կը պատկանի:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Ան հաստատեց, որ «Դարու գործարք»-ը մեռած ծնած է:

Հանրապետութեան հանդիպումը հաստատեց, որ կը մերժէ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը եւ կառչած կը մնայ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան:

Լիբանանի մէջ Իսլամական Ժիհատ կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Իհսան Աթայա ընդգծեց, որ «Դարու գործարք»-ը թիրախ կը դարձնէ նաեւ Լիբանանը` աւելցնելով, որ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը մերժելը պիտի ձախողեցնէ այդ դաւադրութիւնը:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Սֆէյր. «17 Հոկտեմբեր 2019-էն Ի Վեր Դրամատուներուն Որդեգրած Միջոցառումները Ժամանակաւոր Են»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?