Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Զօրակցութիւն Յայտնեց Մահմուտ Ապպասին

January 30, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան իր նախագահով եւ ժողովուրդով կը զօրակցի պաղեստինցիներուն, յատկապէս` «Դարու գործարք»-ի յայտարարութեան այս օրերուն ընթացքին:

Նախագահ Աուն շեշտեց այս առումով արձանագրուելիք զարգացումներուն շրջագիծին մէջ արաբական միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան, որ վաւերացուած է Պէյրութի մէջ, 2002-ին:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կը զօրակցի պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձին, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Երուսաղէմով անկախ Պաղեստինի մը կերտումին:

Միւս կողմէ, ան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթին, որուն հետ քննարկեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ յայտարարուած «Դարու գործարք»-ին մասին արտայայտուած արաբական եւ միջազգային կեցուածքները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շարք մը դիւանագիտական հարցեր եւ անոնց լուծման մասին Հըթթիի պատկերացումները:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Մարոնիներու լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ լիկայի նախագահ Նաամթալլա Ապի Նասըրի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը համեմատաբար աւելի լաւ է` բողոքի ցոյցերուն մեղմանալուն պատճառով: Ան նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը իր ուսերուն առած է ժողովրդային շարժումի պահանջներուն ընդառաջելու բեռը` աւելցնելով, որ կարելի չէ արտօնել խուլիկանութեան ու խափանարարական արարքներու ընթացքին մայրաքաղաքին քանդումը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը յանձնառու պիտի մնայ տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային բարեկարգումներու իրագործումին, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր պիտի մնայ ցուցարարներու անվտանգութեան պաշտպանութեան:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ալպեր Սարհան, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին կացութիւնն ու դատական իշխանութիւններուն դերակատարութիւնը` փտածութեան եւ մսխումին դէմ պայքարելու եւ բարեկարգումներ գործադրելու առումով:

Նախորդը

Պըրրի. «Դարու Գործարք»-ը Պաղեստինեան Դատին «Ահաբեկում»-ն Է»

Յաջորդը

Հասսան Տիապ Նախագահեց Տնտեսական-Ելեւմտական Մարզերուն Յատուկ Նիստի Մը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.