ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ «Դարու գործարք»-ը Լիբանանին կը սպառնայ պաղեստինցի գաղթականներու բնակեցման վտանգով` աւելցնելով, որ բնակեցումը մերժելու իմաստով լիբանանեան համախոհութիւն գոյութիւն ունի: Պըրրի հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը միակ միջոցն է` բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու եւ արաբական արժանապատուութիւնը բարձր պահելու:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը կտրականապէս կը հերքէ այն լուրը, թէ Լիբանանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագայ մը: Միւս կողմէ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ Լիբանանին պիտի տրամադրէ տարրալուծարանային այնպիսի սարքեր, որոնք «Քորոնա» ժահրը կը բացայայտեն: Նշենք, որ վարչապետ Հասսան Տիապ հրապարակեց 9/2020 հրամանագիրը, որուն մէջ թելադրուեցաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ կանխարգիլման քայլեր որդեգրել:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ հաստատեց, որ «Դարու գործարք»-ը պատերազմի եւ պաղեստինցիներու բնակեցման ծրագիր մըն է, որ կը խախտէ լիբանանեան ներքին հաւասարակշռութիւնն ու կը վտանգէ լիբանանեան ազգային հիւսուածքը:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել երեսփոխանական պլոքը շաբաթավերջին գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին կոչ ուղղուեցաւ կառավարութեան` գտնելու այնպիսի լուծումներ, որոնք կը կասեցնեն երկրին փլուզումը: Նորակազմ կառավարութենէն կը սպասուի ելեւմտական, նիւթական, տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի յատուկ քաղաքական ռազմավարութիւններու ընդմէջէն ընդառաջել քաղաքացիներու պահանջներուն: Պլոքը կոչ ուղղեց փտածութեան դէմ պայքարելու եւ իւրացուած գումարները վերադարձնելու:
ԱՄԱԼ շարժումի կեդրոնական խորհուրդի անդամ, երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերը Լիբանանի համար բարիքով լեցուն օրեր պիտի ըլլան:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Նապաթիէի գիւղաքաղաքներուն, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն վերեւ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը փրկութեան յոյս կը ներշնչէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ ընդգծեց, որ պէտք է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը ամբողջացնել, որպէսզի կառավարութիւնը ստանայ խորհրդարանի վստահութեան քուէն:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի անդամ Անթուան Հապշի հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն` Այնաթայի մէջ հիմնելու համար ճամբու ձիւները մաքրելու համակարգ, որ ուղղակիօրէն կապուած ըլլայ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութեան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց հետ քննարկեց բարգաւաճման, ընկերային եւ ծառայութեանց վերաբերող հարցեր:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութեան ընտրանքը միակն է, որ բռնագրաւուած հողերը կ՛ազատագրէ եւ սրբութիւնները կը պահպանէ:
ՀԶՕՐ Լիբանան պլոքի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներու բնակեցումը անհաւանական է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ պետութեան վնասները հաւասարապէս պէտք է բաժնուին` երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը թօթափելու համար:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի ստանայ խորհրդարանին վստահութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը կտրականապէս մերժելի է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ յայտնեց, որ երկրի տագնապի լուծման առումով անլրջութիւնը զգալի է` աւելցնելով, որ հիմնական պահանջը կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումն է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Իսրայէլ տեղ չունի պաղեստինեան հողերուն ամբողջ տարածքին: