Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր-Ատրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրավիճակը:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որ Պըրրիի հետ քննարկեց լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միւս կողմէ, Ամալ շարժումը իր շարքերուն յղեց շարժումի ղեկավար Նեպիհ Պըրրիի պատգամը, որուն մէջ ան «Դարու գործարք»-ին մասին անդրադարձ մը կատարեց Ամալ շարժումի անդամներուն` եւ անոնց ընդմէջէն բոլոր լիբանանցիներուն:
Պըրրիի գրասենեակը կոչ ուղղեց Ամալ շարժումի անդամներուն` զգուշանալու Լիբանանի դէմ նախապատրաստուող սադրանքէն:
Պըրրի կոչ ուղղեց Ամալ շարժումի բոլոր անդամներուն եւ հետեւորդներուն դուրս գալու փողոցէն: Ան ընդգծեց ներքին լիբանանեան հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ անոնք արտաքին առումով երկրին սահմաններուն վրայ դառնան Դիմադրութեան մարտիկներ: