Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասսան Տիապ Քիճիանի Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

January 31, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որ շնորհաւորեց վարչապետը եւ անոր փոխանցեց Չինաստանի վարչապետին ողջոյնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Չինաստանի կառավարութիւններուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

Քիճիան վարչապետին յայտնեց Չինաստանի զօրակցութիւնը լիբանանեան գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հողային ամբողջականութեան նկատմամբ:

Ան ընդգծեց, որ իրենք հաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը քաղաքական, տնտեսական մշակութային եւ մարդասիրական իմաստով Լիբանանի հետ գործակցութիւն ծաւալելու` «Ցամաքային եւ ծովային ճամբաներ» չինական նախաձեռնութեան հիման վրայ:

Քիճիան նկատել տուաւ նաեւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղապահ առաքելութեան ծիրին մէջ ծառայող չինական զօրամասը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը` աւելցնելով, որ վարչապետ Տիապին հետ խօսած է «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու վերաբերող հարցերու մասին:

Քիճիան նշեց, որ Չինաստան այդ ժահրը իր երկրին որոշ շրջաններուն մէջ սահմանափակելու եւ հակակշիռի տակ առնելու քայլերու դիմած է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ապրող չինական անձնակազմը «Քորոնա» ժահրով չէ վարակուած, ինչպէս նաեւ Չինաստանի մէջ ոչ մէկ լիբանանցի «Քորոնա»-ով վարակուած է:

Քիճիան շեշտեց, որ Չինաստան յանձնառու կը մնայ Լիբանանի մէջ իր որդեգրած ծրագիրները ֆինանսաւորելու:

«Դարու գործարք»-ին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Քիճիան յայտնեց, որ Պաղեստինեան դատը պէտք է լուծուի համաձայն ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն եւ որոշումներուն, ինչպէս նաեւ երկու պետութիւններու հիմնումին եւ խաղաղութեան սկզբունքին հիման վրայ:

Քիճիան նշեց, որ միջազգային օրէնքներով պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքները երաշխաւորուած են` աւելցնելով նաեւ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքը յարգելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Տիապ ընդունեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆան Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն վերաբերող հարցեր:

Վարչապետ Տիապի այցելեց նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսը, որ վարչապետին յանձնեց Մար Մարունի տօնին առիթով կիրակի, 9 փետրուարին մատուցուելիք պատարագին ներկայ գտնուելու հրաւէր մը:

Նշենք, որ «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, երկուշաբթի, 3 փետրուարին, վարչապետ Տիապի գլխաւորութեամբ տնտեսական հարցերու երկրորդ նիստ մը պիտի գումարուի: Կը նախատեսուի, որ նիստին ընթացքին կարեւոր որոշումներ տրուին` դրամատնային տագնապը լուծելու իմաստով:

Նոյն օրաթերթին համաձայն, շաբաթ, 1 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող յանձնախումբը վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր յաջորդ նիստը, որուն ընթացքին պիտի աւարտի մշակումը աշխատանքային ծրագիրին եւ անիկա պիտի յանձնուի բոլոր նախարարներուն, որպէսզի անոնք սերտեն զայն, եւ կարելի ըլլայ առաւելագոյնը մինչեւ յաջորդ չորեքշաբթի, 5 փետրուար զայն վաւերացնել` կառավարութեան գումարելիք նիստին ընթացքին:

Նախորդը

Պըրրի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ Քննարկեց Ապահովական Իրավիճակը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Ներքին Սպառողական Ճարտարարուեստին Զօրակցիլ` Փոքր Եւ Միջակ Հաստատութիւններ Կառուցելով»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.