Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Դարու Գործարք»-ը Պաղեստինեան Դատին «Ահաբեկում»-ն Է»

January 30, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ «Դարու գործարք»-ը Պաղեստինեան դատին «ահաբեկում»-ն է, որուն յայտարարութիւնը կը կատարուի այնպիսի ժամանակի մը ընթացքին, երբ արաբական տարբեր երկիրներու մէջ երկփեղկում գոյութիւն ունի:

«Մենք Լիբանանի մէջ կը պաշտպանենք Պաղեստինը` զայն նկատելով մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին պաշտպանութեան համազօր», ըսաւ ան:

Պըրրի անդրադարձաւ այս մասին արտասանուած ամերիկեան պաշտօնական կարգ մը կեցուածքներու, որոնք կը մերժեն «Դարու գործարք»-ը:

Ներքին լիբանանեան առումով Պըրրի հաստատեց ժողովուրդին իրաւունքները եւ անոր արժանապատուութիւնը օրէնքի ուժով պաշտպանելու կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ 2020-ի պետական ամավարկի վաւերացումէն ետք հաստատութենական առանցքը պիտի շարունակուի, երբ կառավարութիւնը ներկայանայ խորհրդարան` անկէ ստանալու համար վստահութեան քուէն:

Պըրրի հաստատեց իր յանձնառութիւնը, լրջութիւնը եւ խորհրդարանի դերակատարութիւնը` օրէնսդրական աշխատանքին մէջ: Ան ըսաւ, որ խորհրդարանը վերահսկողական աշխատանքը, հաշուետուութեան եւ տնտեսական ու ելեւմտական բարեկարգումներու գործադրութեան հսկողութիւնը պիտի կատարէ` երաշխաւորելով Լիբանանին եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն շահերը:

«Լիբանանի փրկութեան աշխատանքը անկարելի չէ եւ այդքան դժուար ու բարդ չէ: Կառավարութեան դիմաց կան 3-4 ամիսներ, որոնց ընթացքին ան պէտք է վստահութիւն ստանայ, պայմանով որ հեռու մնայ տագնապներէն եւ լարուածութենէն», ըսաւ ան:

Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան համայնքային դրութիւնը պահպանելով չէ, որ կրնայ յառաջդիմել, այլ` հաստատութենական համակարգը:

«Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկումը` քաղաքական եւ ազգային իր բովանդակութեամբ, պէտք է ըլլայ կոչ մը, որուն հիման վրայ իսկական ժողովրդային շարժումը իր պահանջները ամրապնդէ», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով «Դարու գործարք»-ին` Պըրրի յայտնեց, որ անիկա իր հետեւանքները պիտի ունենայ Լիբանանին եւ շրջանին վրայ:

Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալի Լարիժանիի հետ:

Հաղորդակցութեան ընթացքին անոնք հաստատեցին, որ «Դարու գործարք»-ը ամբողջ Պաղեստինի դէմ գործուած դաւադրութիւն է եւ անոր դէմ հաւաքաբար` արաբական եւ իսլամական բոլոր ժողովուրդներուն կողմէ պայքարելու անհրաժեշտութիւն կայ:

Խորհրդարանի նախագահին տեղեկատուական գրասենեակէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ «Դարու գործարք»-ը կը քանդէ մայրաքաղաք Երուսաղէմով Պաղեստին մը ունենալու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ կը վաճառէ պաղեստինցիներուն իրաւունքները, հողերը, գերիշխանութիւնն ու արժանապատուութիւնը:

Պըրրի ընդգծեց, որ լիբանանցիները կոյր վկաներ պիտի չըլլան Պաղեստինեան դատի «ահաբեկում»-ին եւ պաղեստինցի ժողովուրդին մահապատիժին ի տես, ինչպէս նաեւ պիտի մերժեն պաղեստինեան հողը 30 արծաթով վաճառելը:

Պըրրի կոչ ուղղեց արաբական արժանապատուութիւնը պաշտպանելու` հաստատելով, որ ազգային միասնականութիւնն ու Դիմադրութիւնը միակ միջոցներն են պաղեստինեան բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու:

Նախորդը

Ֆեհմի Ռամփլինկի Եւ Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Զօրակցութիւն Յայտնեց Մահմուտ Ապպասին

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.