Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ անցեալ շաբաթավերջին խստիւ դատապարտեց Թուրքիան` Լիպիա ուղարկած զրահապատներ փոխադրող նաւերուն վրայ Լիբանանի դրօշակը բարձրացնելուն համար:
Ուահապ լիբանանեան պետութեան հարց տուաւ` պահանջելով պատասխան տալ այս մասին եղած հարցադրումին:
«Տակաւին լիբանանեան պետութենէն պաշտօնական կեցուածք մը կը սպասեմ այն նաւուն մասին, որ դէպի Լիպիա զէնք փոխադրեց` իր վրայ կրելով լիբանանեան դրօշը: Կը նախատեսենք, որ այս իմաստով դատական միջոցառումներ որդեգրուին, եւ պաշտօնական տեսակէտ յայտնուի` արաբական երկրի մը դէմ թրքական յարձակումին առնչութեամբ», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Մուրապիթուն շարժումը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Թուրքիոյ գործած արարքը:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ նման գործողութեան մը համար Լիբանանի դրօշակը գործածելը կտրականապէս մերժելի է, որովհետեւ ան կը սպառնայ լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութեան:



