Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ երէկ կատարուեցան բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին պաղեստինցի գաղթականներ մերժեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարած «Դարու գործարք»-ը:
Սայտայի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին պաղեստինցի գաղթականները բողոքեցին տունդարձի իրենց իրաւունքը ջնջելու քայլին դէմ:
Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ուրբաթ օրուան նամազէն ետք տեղի ունեցաւ բողոքի նստացոյց, որուն մասնակցեցան քաղաքական տարբեր ուժերու պատասխանատուներ:
Բողոքի այլ ցոյց մը կատարուեցաւ նաեւ պաղեստինեան Միէ Միէ գաղթկայանին մէջ, ուր գաղթականները բողոքեցին «Դարու գործարք»-ին եւ անոր դիմաց արաբական աշխարհնա ցուցաբերած լռութեան դէմ:



