Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սֆէյր. «17 Հոկտեմբեր 2019-էն Ի Վեր Դրամատուներուն Որդեգրած Միջոցառումները Ժամանակաւոր Են»

January 31, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Սֆէյր յայտնեց, որ դրամատուներուն մէջ զետեղուած քաղաքացիներուն գումարները ապահով են եւ երաշխաւորուած` աւելցնելով, որ դրամատուներուն պարագային ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին սակը տակաւին կը մնայ Կեդրոնական դրամատան կողմէ ճշդուած սակը:

Ան հաստատեց, որ 17 հոկտեմբեր 2019-էն ի վեր դրամատուներուն որդեգրած միջոցառումները ժամանակաւոր են, ինչպէս նաեւ արտակարգ` հակակշռել կարենալու համար երկրին դիմագրաւած տագնապը:

Սֆէյր նկատել տուաւ, որ կառավարութեան սկսելիք աշխատանքէն ետք կացութիւնը իր բնականոն իրավիճակին պիտի վերադառնայ` նկատի ունենալով, որ վարչապետ Հասսան Տիապ բաւական լրջութեամբ կը մօտենայ բարեկարգումները իրականացնելու ծրագիրին` նպատակ ունենալով փրկել Լիբանանը:

Սֆէյր ընդգծեց, որ լիբանանցիները պէտք է զանազանեն դրամատուներուն, Կեդրոնական դրամատան եւ կառավարութեան միջեւ: Ան յայտնեց, որ Լիբանանեան դրամատուներու միութեան եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին միջեւ գործակցութիւնը ընթացքի մէջ է եւ կարեւոր, յատկապէս` այս փուլին:

«Կառավարութեան գործունէութեան սկսելէն ետք այդ աշխատանքն ու համադրումը տարբեր պիտի ըլլայ: Մենք այսօր կը գտնուինք այնպիսի փուլի մը մէջ, որուն ընթացքին արտադրողական մարզի աշխուժացման` մասնաւորապէս ճարտարարուեստի մարզի աշխուժացման կարեւորութիւնը կը զգացուի», ըսաւ ան:

Սֆէյր շեշտեց, որ ժամանակն է, որ Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը ամրապնդուի, եւ նոր կառավարութիւնը սկսի գործել:

 

 

Նախորդը

Հըթթի. «Արաբական Նախաձեռնութիւնը Խաղաղութեան Եւ Արդարութեան Հաստատումի Ամբողջական Մօտեցում Է»

Յաջորդը

Պըրրի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ Քննարկեց Ապահովական Իրավիճակը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.