Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասսան Տիապ Նախագահեց Տնտեսական-Ելեւմտական Մարզերուն Յատուկ Նիստի Մը

Յունուար 30, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց տնտեսական-ելեւմտական մարզերուն յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը տեսութիւններ եւ փորձեր չի հանդուրժեր, հետեւաբար պէտք է ունենալ գիտական եւ իրապաշտ տեսլական, որուն ընդմէջէն կարելի ըլլայ լուծել երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը:

Նիստին ներկայ գտնուեցան վարչական բարեկարգումի նախարար Տըմիանոս Քաթթար, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նեհմէ, ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլա, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ, որոնց միացան նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր եւ Տնտեսական- ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ:

Վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակին մէջ այն սեւ պատկերը, որ կը ներկայացուի մեզի եւ ժողովուրդին, անճիշդ է եւ ոչ հաւաստի` աւելցնելով սակայն, որ անիկա չի նշանակեր, որ երկրին տնտեսական տագնապը կարելի պիտի ըլլայ դիւրաւ լուծել:

Նիստին ընթացքին Տիապ շեշտեց, որ աշխատանքային այս նիստին նպատակն է մատը զետեղել տնտեսական եւ ելեւմտական վէրքերուն վրայ` աւելցնելով, որ այս աշխատանքը պիտի ամբողջացնէ կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրը` նկատի ունենալով, որ այդ ծրագիրը հիմնականին մէջ պէտք է տնտեսական բնոյթ ունենայ եւ տնտեսական տագնապին լուծումներ կարենայ ապահովել:

Վարչապետ Տիապ նշեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարական յանձնախումբը սպառիչ կերպով կը գործէ` աւելցնելով, որ ներկայ պայմանները չեն արտօներ, որ ժամավաճառ ըլլանք: «Բարձր կը գնահատեմ նախարարական յանձնախումբին աշխատանքը, ինչպէս նաեւ նախարարներուն ջանքերը` հասնելու համար մեր նպատակին», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Տիապ ընդունեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն-Ռուքոզը, որ շնորհաւորեց վարչապետը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր:

Քլոտին Աուն-Ռուքոզ բարձր գնահատեց կառավարութեան մէջ վեց կին նախարար նշանակելու վարչապետին քայլը` հաստատելով, որ այդպիսով Լիբանան առաջին անգամ ըլլալով գործադրեց կառավարութեան մէջ իգական սեռը 30 առ հարիւր մասնաբաժինով ներկայացնելու սկզբունքը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ կիներու իրաւունքներուն յատուկ բաժին մը նկատի ունենալու կարեւորութիւնը` երկու սեռերուն միջեւ հաւասարութեան, ինչպէս նաեւ կնոջ, խաղաղութեան ու ապահովութեան մասին ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւի գործադրութեան շրջագիծին մէջ` նկատի ունենալով, որ Լիբանան սկսած է գործադրել այդ ծրագիրը:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Զօրակցութիւն Յայտնեց Մահմուտ Ապպասին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վատիկանէն Կարտինալ Քոխը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?