Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Ներքին Սպառողական Ճարտարարուեստին Զօրակցիլ` Փոքր Եւ Միջակ Հաստատութիւններ Կառուցելով»

January 31, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան վարչական խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ընկերակցութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլի:

Պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ  ընկերակցութեան ելեւմտական հարցերու քարտուղար Նազարէթ Սապունճեան:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան ներքին սպառողական ճարտարարուեստին պէտք է զօրակցիլ` փոքր եւ միջակ հաստատութիւններ կառուցելով:

Ան նշեց, որ այս իրողութիւնը կ՛օժանդակէ, որ Լիբանան ինքնաբաւ ըլլայ եւ կարենայ իրագործել ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզերուն մէջ ազգային արտադրութիւն ունենալու կարելիութիւնը, այնպէս ինչպէս կրցած էր զբօսաշրջութեան մարզի փայլուն մակարդակ մը նուաճել` նախքան 17 հոկտեմբեր 2019-ն:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք պիտի նպաստէ Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզին դիմագրաւած դժուարութիւնները փարատելու աշխատանքին:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Քրիստոնէական միասնականութիւնը ամրապնդելու նպատակով գործող պապական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Քորթ Քոխը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ լիբանանցիները իրենց կրօնական եւ մշակութային բազմազանութեան շնորհիւ իրարու միջեւ մնայուն երկխօսութեան մէջ են: Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ եկեղեցին հսկէ Լիբանանին եւ անոր օժանդակէ քաղաքական ու մշակութային առումով, որովհետեւ Արեւելքը կը գտնուի մնայուն վտանգի սպառնալիքին տակ: «Բայց եւ այնպէս մենք ունինք հոգեկան Դիմադրութեան կարողութիւն մը, որ կ՛օժանդակէ ապրելու եւ գոյատեւելու մեր կամքին», ըսաւ ան:

Նախագահ Աունի այցելեցին երեսփոխաններ Էտկար Թրապուլսի եւ Ֆարիտ Պուսթանի, որոնք քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միէ Միէ գիւղաքաղաքին եւ Շուֆի կարիքները:

Նախորդը

Հասսան Տիապ Քիճիանի Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

«Այս Տարի Եւս Ղարաբաղեան Հարցին Կարեւորութիւն Պիտի Տանք» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.