Լիբանանեան

Դեսպան Աթաբէկեան  Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ` դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան միջեւ գործակցութեան ամրապնդման միջոցները:

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը  Կեդրոնական Դրամատան  Դիմաց Բողոքի Ցոյց Կատարեց

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կեդրոնական Դրամատան Դիմաց Բողոքի Ցոյց Կատարեց

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Փտածութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը հինգշաբթի, 20 փետրուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին բողոքի ցոյց մը կատարեց Կեդրոնական դրամատան դիմաց` պահանջելով իւրացուած եւ դուրս փոխանցուած գումարները վերադարձնել Լիբանան, ինչպէս նաեւ այս թղթածրարին վերաբերող բոլոր մանրամասնութիւնները իմանալ: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներն ու համակիրները խիտ շարքերով ուղղուեցան Համրա, ուր կատարեցին իրենց բողոքի ցոյցը, որուն ընթացքին քննադատեցին Կեդրոնական դրամատան մշակած...

«Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Մէջ  Տարուած Հսկայ Աշխատանքը Պիտի Շարունակենք»  Շեշտեց Նաժժար

«Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Մէջ Տարուած Հսկայ Աշխատանքը Պիտի Շարունակենք» Շեշտեց Նաժժար

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար, ընկերակցութեամբ` ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմիի, երէկ այցելեց Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր անոնք ստուգեցին քաղաքացիական անվտանգութեան վերաբերող հարցեր: Այցելութենէն ետք Նաժժար դրուատեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տարուած հսկայ աշխատանքը` աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն այդ աշխատանքը` յոյսով, որ Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզը կը վերակենդանանայ եւ կը վերաշխուժանայ: Նաժժար շեշտեց, որ...

aztag-f

Մամլոյ Արձակուրդ

Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 21 փետրուար 2020-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 22 փետրուարին:  

Պէյրութի Մէջ .  Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Քննարկեց Լիբանանի Հետ Գործակցութիւնը  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Պէյրութի Մէջ . Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Քննարկեց Լիբանանի Հետ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը, որ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած էր Լիբանան: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քոնսթանթինոս Չացիթոմաս, ինչպէս նաեւ Տենտիասի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց, որ լիբանանեան-յունական յարաբերութիւնները հիմնուած են տարբեր մարզերուն...

Վարչապետարանին Մէջ.   «ՄԱԿ Պատրաստ Է Գործակցելու Լիբանանի Հետ  Յայտնեց Քիւպիչ

Վարչապետարանին Մէջ. «ՄԱԿ Պատրաստ Է Գործակցելու Լիբանանի Հետ Յայտնեց Քիւպիչ

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Քիւպիչ ընդգծեց Լիբանանի հետ գործակցելու ՄԱԿ-ի պատրաստակամութիւնը: Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ, որ Տիապի փոխանցեց 17 հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ Լիբանանէն Զուիցերիա փոխանցուած գումարներուն մասին բացուած հետաքննութեան նախնական արդիւնքները: Համաձայնութիւն գոյացաւ ընդարձակելու հետաքննութիւնը եւ շարունակելու զայն`...

Պըրրի. «Նիւթական Պարտաւորութիւնը  Վերադասաւորելը Լաւագոյն Լուծումն Է»

Պըրրի. «Նիւթական Պարտաւորութիւնը Վերադասաւորելը Լաւագոյն Լուծումն Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ «Եուրոպոնտ»-ի բաժնետոմսերուն թղթածրարին եւ շեշտեց, որ Լիբանանի նիւթական պարտաւորութիւնը վերադասաւորումի ենթարկելը լաւագոյն լուծումն է: Ան նշեց, որ այդ լուծման պիտի յաջորդէ ելեկտրականութեան թղթածրարի լուծումը` պայմանաւ որ անիկա ըլլայ ամբողջական` նկատի ունենալով, որ պետական պարտքին կէսը ելեկտրականութեան թղթածրարին պատճառով է: Ան զարմանք յայտնեց, որ...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը  Փտածութեան Դէմ Իր Ցոյցերուն  Պիտի Սկսի Կեդրոնական Դրամատունէն

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Փտածութեան Դէմ Իր Ցոյցերուն Պիտի Սկսի Կեդրոնական Դրամատունէն

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փտածութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը այսօր երեկոյեան ժամը 5:00-ին բողոքի ցոյց մը պիտի կատարէ Կեդրոնական դրամատան դիմաց` պահանջելով իւրացուած եւ դուրս փոխանցուած գումարները վերադարձնել Լիբանան, ինչպէս նաեւ այս թղթածրարին վերաբերող բոլոր մանրամասնութիւնները իմանալ: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Մայ Խրէյշ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան դիմաց կատարուելիք ցոյցին նպատակն է ճնշում բանեցնել` իմանալու համար դուրս փոխանցուած գումարներուն ճակատագիրը:...

Զօր. Լորիմըր. «Ժամանակն Է,  Որ Կառավարութիւնը  Արագ Քայլեր Որդեգրէ` Լուծելու Համար  Տնտեսական Տագնապը»

Զօր. Լորիմըր. «Ժամանակն Է, Որ Կառավարութիւնը Արագ Քայլեր Որդեգրէ` Լուծելու Համար Տնտեսական Տագնապը»

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու աւագ խորհրդական զօր. Ճոն Լորիմըրն ու անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը եւ դեսպանատան զինուորական կցորդ Ալեքս Հիլթընը: Հանդիպումին ընթացքին զօր. Լորիմըր շնորհաւորեց Աքրը` անոր ստանձնած պաշտօնին առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկեց երկկողմանի գործակցութեան ծրագիրները, որոնցմէ` Լիբանան-Սուրիա սահմաններու հսկողութեան համար կառուցուած հսկողութեան...

«Պէտք Է Անկեղծ Ըլլանք Եւ Ըսենք`  Սխալներ Գործեցինք»  Շեշտեց Սաատ Հարիրի

«Պէտք Է Անկեղծ Ըլլանք Եւ Ըսենք` Սխալներ Գործեցինք» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ հոսանքի կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհուրդի բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի անդամները: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ դրամատուներուն մէջ պատահածը եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ գործուած յարձակումները ցոյց կու տան ժողովուրդին ցաւը, սակայն կան...

Ապուլ Ղէյթ Քիւպիչի Հաստատեց Արաբական  Լիկայի Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Ապուլ Ղէյթ Քիւպիչի Հաստատեց Արաբական Լիկայի Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ Արաբական լիկայի կեդրոնին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, յատկապէս Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք: Հանդիպումին ընթացքին Քիւպիչ մանրամասն կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակին ու տնտեսական տագնապի անմիջական լուծման կարեւորութեան: Հանդիպումին ընթացքին Ապուլ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Աքքարի համար կարեւոր շարք մը բարգաւաճման ծրագիրներ: Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահի Ռուսիոյ հարցերով խորհրդատու Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ Ռուսիա այսօր կարողութիւնը  ունի...

Վարչապետ Տիապ Վաղը Պիտի  Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

Վարչապետ Տիապ Վաղը Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

Վարչապետ Հասսան Տիապ վաղը առաւօտեան ժամը 10:00-ին պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին: Վարչապետ Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Միջազգային ֆոնտերու մէկ պատուիրակութիւնը եւ նախարարներ Ռաուուլ Նաամէ, Իմատ Հուպալլա, Միշել Նաժժար եւ Ռեմոն Ղաժար, ինչպէս նաեւ` նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութեան ծրագիրները, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան միջոցներու...

Պաապտայի Մէջ.   «Պիտի Շարունակենք Օժանդակել Լիբանանին»  Շեշտեց Զօր. Լորիմըր

Պաապտայի Մէջ. «Պիտի Շարունակենք Օժանդակել Լիբանանին» Շեշտեց Զօր. Լորիմըր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու աւագ խորհրդական զօր. Ճոն Լորիմըրն ու անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական ներկայ տագնապը լուծելու ճիգերը ընթացքի մէջ են` կանխարգիլելու համար անոր ունենալիք հետեւանքները:...

Համախմբումը Կոչ Ուղղեց` Իւրացուած  Գումարները Վերադարձնելու Թղթածրարը  Տարակարծութիւններէ Վեր Պահելու

Համախմբումը Կոչ Ուղղեց` Իւրացուած Գումարները Վերադարձնելու Թղթածրարը Տարակարծութիւններէ Վեր Պահելու

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, Ազգային ազատ հոսանք Միրնա Շալուհիի կեդրոնին մէջ, նախագահութեամբ` երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Նիստէն ետք նախկին նախարար Մանսուր Պթայշ յայտնեց, որ համախմբումը քննարկած է Լիբանանը հարուածող տնտեսական ծանր տագնապը` զարմանք յայտնելով, որ Կեդրոնական դրամատունը ոչ մէկ պատասխան տուած է Լիբանանէն դուրս փոխանցուած գումարներուն մասին,...

Պաշտպանութեան Նախարարն Ու Բանակի  Հրամանատարը Այցելեցին Նահատակ  Բանակայիններուն Հարազատներուն

Պաշտպանութեան Նախարարն Ու Բանակի Հրամանատարը Այցելեցին Նահատակ Բանակայիններուն Հարազատներուն

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեցին Հերմել եւ Արսալ, ուր անոնք ցաւակցութիւն յայտնեցին նահատակ բանակայիններուն հարազատներուն: Այցելութիւններուն ընթացքին Աքր դրուատեց նահատակ բանակայիններուն զոհողութիւնները եւ «Պատիւ, զոհողութիւն եւ նուիրում» սկզբունքին կառչած մնալու անոնց բացարձակ յանձնառութիւնը: «Նահատակութիւնը հպարտութիւն է, եւ ձեր զաւակներուն պատահածը անարգ ոճիր է: Մենք խոստացած ենք պատասխանատուութիւն ստանձնել եւ լիբանանեան բանակին...

Պուսթրոս Պալատի Մէջ.   «Լիբանան Եւ Սուրիա Չեն Կրնար Յաջողութիւն  Արձանագրել` Առանց Զիրար Ամբողջացնելու»  Շեշտեց Ալի

Պուսթրոս Պալատի Մէջ. «Լիբանան Եւ Սուրիա Չեն Կրնար Յաջողութիւն Արձանագրել` Առանց Զիրար Ամբողջացնելու» Շեշտեց Ալի

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերմի Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս` սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին վերաբերող: Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Հըթթիի փոխանցած է սուրիացի անոր պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի ողջոյնները: Ան նշեց, թէ իր այցելութեան նպատակն է իմանալ նախարարին...

Պըրրի Զօր. Լորիմըրի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պըրրի Զօր. Լորիմըրի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի  ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու աւագ խորհրդական զօր. Ճոն Լորիմըրը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Պըրրի ընդունեց նաեւ արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժմը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցերն ու դատական իշխանութեան աշխատանքը աշխուժացնելու միջոցները: Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր: Քննարկուեցան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ` փրկելու համար երկրին տնտեսութիւնն ու հաստատելու լիբանանեան դրամանիշին արժէքը: ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ երէկ 18 լումայափոխներ ամբաստանեց` լումայափոխներու յատուկ օրէնքները խախտելու յանցանքով: ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը կը ժամանէ Լիբանան: Ան հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան...

Ժամացոյցին Սլաքը Մէկ Ժամ Առաջ Տանիլ

Համաձայն նախարարաց խորհուրդի որոշումին, Լիբանան պիտի սկսի ամառնային ժամանակացոյցի գործադրութեան: Հետեւաբար շաբաթ 28-էն կիրակի 29 մարտ լուսցող գիշերը ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ առաջ պէտք է տանիլ:  

Page 509 of 988 1 … 508 509 510 … 988

Արխիւներ