Պէյրութի Մէջ . «Լիբանան Զգայուն Փուլ Մը Կը Դիմագրաւէ, Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Կառավարութեան Հետ Գործակցելու` Բոլոր Մարզերուն Մէջ » Ընդգծեց Լարիժանի
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի, որ նախանցեալ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ: Լարիժանիի պաշտօնական այցելութիւնները սկսան կէսօրին, երբ ան, ընկերակցութեամբ իրանեան պատուիրակութեան, ուղղուեցաւ Պաապտա եւ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Լարիժանի նախագահ Աունին յանձնեց նամակ մը` յղուած Իրանի նախագահ շէյխ Հասան Ռուհանիի կողմէ: Նամակը կ՛անդրադառնար լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւններուն եւ երկկողմանի...




















