
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ` դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան միջեւ գործակցութեան ամրապնդման միջոցները: