Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Լորիմըր. «Ժամանակն Է, Որ Կառավարութիւնը Արագ Քայլեր Որդեգրէ` Լուծելու Համար Տնտեսական Տագնապը»

February 20, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու աւագ խորհրդական զօր. Ճոն Լորիմըրն ու անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը եւ դեսպանատան զինուորական կցորդ Ալեքս Հիլթընը:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Լորիմըր շնորհաւորեց Աքրը` անոր ստանձնած պաշտօնին առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկեց երկկողմանի գործակցութեան ծրագիրները, որոնցմէ` Լիբանան-Սուրիա սահմաններու հսկողութեան համար կառուցուած հսկողութեան աշտարակներու ծրագիրները:

Զօր. Լորիմըր ընդգծեց Բրիտանիոյ պատրաստակամութիւնը` ամրապնդելու երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը:

Զօր. Լորիմըր այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:

Բրիտանական դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս փուլը կարեւոր է Լիբանանի եւ անոր նորակազմ կառավարութեան համար` դիմակայելու տնտեսական մեծ մարտահրաւէրները:

Ըստ հաղորդագրութեան, զօր. Լորիմըր հաստատած է արագ քայլեր որդեգրելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Բրիտանիա կը զօրակցի լիբանանեան բանակին, որ Լիբանանի կայունութեան, ապահովութեան եւ գերիշխանութեան հիմնաքարն է:

Նշուեցաւ, թէ Ռամփլինկ հաստատեց, որ տնտեսական բարեկարգումներու գործադրութեան վերաբերող ոչ մէկ յապաղում պէտք է արձանագրուի: «Որոշումները անհրաժեշտ են, իսկ բարեկարգումներու անմիջական գործադրութիւնը` կարեւոր», աւելցուց Ռամփլինկ:

 

Նախորդը

«Պէտք Է Անկեղծ Ըլլանք Եւ Ըսենք` Սխալներ Գործեցինք» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Փտածութեան Դէմ Իր Ցոյցերուն Պիտի Սկսի Կեդրոնական Դրամատունէն

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.