Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 19, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ` փրկելու համար երկրին տնտեսութիւնն ու հաստատելու լիբանանեան դրամանիշին արժէքը:

ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ երէկ 18 լումայափոխներ ամբաստանեց` լումայափոխներու յատուկ օրէնքները խախտելու յանցանքով:

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը կը ժամանէ Լիբանան: Ան հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Հասսան Տիապի եւ արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթիի հետ:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Իմատ Հուպալլա երէկ այցելեց ճարտարարուեստի հետազօտութեան հիմնարկ, ուր յայտնեց, որ լիբանանցին կարողութիւն ունի իր շուկային համար ծրագրելու այնպիսի արտադրութիւններ, որոնք կրնան մրցիլ օտար արտադրութիւններու հետ: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ տնտեսական զարթօնքին համար:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան ստորագրած բոլոր համաձայնութիւնները պէտք է ըլլան լիբանանեան դրամանիշով:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու եւ տեղեկատուութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նիստը յետաձգուեցաւ` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի Լիբանան կատարած այցելութիւնը հետեւանքներ կամ ժխտական ազդեցութիւններ չէ ունեցած: «Իսկ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման մասին անոր ներկայացուցած օժանդակութիւնը դիւանագիտական արտայայտութիւն է», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յայտնեց, որ Լիբանանի դրամատուներէն մէկուն տնօրէնն ու անոր դուստրերը 2019-ի հոկտեմբերին երկրէն դուրս 17 միլիոն տոլարի փոխանցում մը կատարած են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ ըսաւ, որ Լիբանան անմիջական կարիքը ունի բարեփոխումի ենթարկելու այն յօդուածը, որ կ՛արտօնէ նախարարներուն անձեռնմխելիութիւնը վերացնել, որպէսզի փտածութեան եւ հանրային գումարներու իւրացման վերաբերող թղթածրարներու հարցով զանոնք հարցաքննութեան ենթարկէ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուիի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի պէտք է գիտնայ, թէ Լիբանան անկախ պետութիւն է եւ ոչ թէ Իրանի նահանգներէն մէկը:

ՄԱԶԱՐԵՀ Շեպաայի մէջ երէկ առաւօտեան արձանագրուեցան պայթումներ, որոնց արձագանգները լսուեցան Հասպայայի եւ Արքուպի մէջ: Հաւանական նկատուեցաւ, որ այդ պայթումները արդիւնքը ըլլային շրջանին մէջ իսրայէլեան ռազմափորձերուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ լումայափոխներու սենտիքայի նախագահ Մահմուտ Մրատ յայտնեց, որ իրենք կարողութիւն չունին շուկային մէջ լիբանանեան դրամանիշի սակին յանձնառու մնալու` առկայ մրցակցութեան պատճառով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ հաստատեց, որ փտածութեան իշխանութիւնը չի հասկնար թուայնացած ըլլալու առաւելութիւնը, եւ իրականութենէն բաւական հեռու կը մնայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական բեւեռէ մը, կը գրէ, թէ ելեւմտական տագնապը շինծու է, իսկ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի մօտ կը գտնուին այդ տագնապը լուծելու բանալիներու տրցակ մը:

 

Նախորդը

Ժամացոյցին Սլաքը Մէկ Ժամ Առաջ Տանիլ

Յաջորդը

Պըրրի Զօր. Լորիմըրի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?