Քլոտին Աուն Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Ազգային Ծրագիրի Գործադրութեան Նպատակով ՄԱԿ-ի Տրամադրելիք Օժանդակութեան Կարելիութիւնը
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն Ռուքոզ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանցի կնոջ իրավիճակին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ կնոջ, խաղաղութեան եւ ապահովութեան մասին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1325 բանաձեւին վերաբերեալ Լիբանանի մշակած ազգային ծրագիրի գործադրութեան կարեւորութիւնն ու այդ ծրագիրի իրագործման նպատակով ՄԱԿ-ի տրամադրելիք օժանդակութեան կարելիութիւնը:


















