Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապուլ Ղէյթ Քիւպիչի Հաստատեց Արաբական Լիկայի Զօրակցութիւնը Լիբանանին

February 20, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ Արաբական լիկայի կեդրոնին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, յատկապէս Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք:

Հանդիպումին ընթացքին Քիւպիչ մանրամասն կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակին ու տնտեսական տագնապի անմիջական լուծման կարեւորութեան:

Հանդիպումին ընթացքին Ապուլ Ղէյթ շեշտեց Արաբական լիկայի զօրակցութիւնը Լիբանանին, եւ ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է անսայ լիբանանցիներուն պահանջներուն` իրագործելով իր խոստացած տնտեսական բարեկարգումները, որոնք առիթ պիտի տան Միջազգային ընտանիքին վերահաստատելու Լիբանանի հանդէպ իր վստահութիւնը, եւ Լիբանանի մէջ նոր ներդրումներ կարելիութիւններ պիտի ընծայեն:

Քիւպիչ եւ Ապուլ Ղէյթ քննարկեցին շրջանային եւ միջազգային զարգացումները, որոնց շարքին նաեւ «Դարու գործարք»-ն ու Լիբանանի վրայ անոր ունենալիք հետեւանքները:

Ապուլ Ղէյթ ընդգծեց արաբական երկիրներուն մերժումը` «Դարու գործարք»-ին` շեշտելով, որ ան պաղեստինցի ժողովուրդին նուազագոյն իրաւունքներն ու ձգտումները չ՛ապահովեր, ինչպէս նաեւ կը խախտէ միջազգային օրէնքները:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Պէտք Է Անկեղծ Ըլլանք Եւ Ըսենք` Սխալներ Գործեցինք» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.