Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կեդրոնական Դրամատան Դիմաց Բողոքի Ցոյց Կատարեց

February 22, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Փտածութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը հինգշաբթի, 20 փետրուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին բողոքի ցոյց մը կատարեց Կեդրոնական դրամատան դիմաց` պահանջելով իւրացուած եւ դուրս փոխանցուած գումարները վերադարձնել Լիբանան, ինչպէս նաեւ այս թղթածրարին վերաբերող բոլոր մանրամասնութիւնները իմանալ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներն ու համակիրները խիտ շարքերով ուղղուեցան Համրա, ուր կատարեցին իրենց բողոքի ցոյցը, որուն ընթացքին քննադատեցին Կեդրոնական դրամատան մշակած ելեւմտական քաղաքականութիւնը եւ քաղաքական ու ժողովրդային յստակ պատգամներ փոխանցեցին իւրացուած եւ դուրս փոխանցուած գումարները վերադարձնելու իրենց արշաւին վերաբերեալ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կատարած ցոյցին ընթացքին արձանագրուեցան բախումներ ցուցարարներուն եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան համակիրներուն միջեւ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի բնակարանին կից, Քլեմանսօ:

Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը անմիջապէս հակակշիռի տակ առին այդ բախումները եւ ցրուեցին ցուցարարները:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ արձանագրուած բախումին պատճառը Ազգային ազատ հոսանքին կողմէ ցուցարարներուն ուղղուած կոչն էր` Ուալիտ Ժոմպլաթի բնակարանին կողմ ուղղուելու:

Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր բնակարանէն կոչ ուղղեց իր հետեւորդներուն տուն վերադառնալու` աւելցնելով, որ ինք կը գտնուի լիբանանեան բանակին տրամադրութեան տակ:

Աւելի ուշ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կարեւորագոյնը տնտեսական կացութեան փրկութիւնն է` բարեկարգումի եւ արաբական զօրակցութեան ճամբով:

Նշենք, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ժոմպլաթի հետ եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր` մերժելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետեւորդներուն ընդվզումին տուն տուող պատճառները:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ, որ իրենց անդամներն ու համակիրները ընդվզումը յառաջացուցած են միայն գումարներ իւրացնողներուն մօտ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան վարչական հարցերու փոխնախագահ Մրըին Նաժըմ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան դիմաց իրենց կատարած ցոյցը բողոքի քաղաքակրթուած միջոցով  արտայայտուելու ձեւ մըն է, որ պիտի շարունակուի այլ պահանջներ ներկայացնելու, բողոքելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու:

 

 

Նախորդը

«Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Մէջ Տարուած Հսկայ Աշխատանքը Պիտի Շարունակենք» Շեշտեց Նաժժար

Յաջորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.