Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ հոսանքի կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհուրդի բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի անդամները:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ դրամատուներուն մէջ պատահածը եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ գործուած յարձակումները ցոյց կու տան ժողովուրդին ցաւը, սակայն կան կարգ մը քաղաքական ուժեր, որոնք կը փորձեն շրջուած կերպով ներկայացնել այն դրդապատճառները, որոնք դուռ բացին այս կացութեան հասնելու:
Հարիրի շեշտեց, որ իրենք իրենց պատասխանատուութիւններէն չեն խուսափիր` հաստատելով, որ մաս կազմած են իրերայաջորդ կառավարութիւններու եւ կը ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները:
«Պէտք է անկեղծ ըլլանք. մենք սխալներ գործեցինք, մեր հովանաւորութիւնը յետս կը կոչենք սխալ գործած ոեւէ անհատէ», ըսաւ ան:
Հարիրի նշեց, որ եթէ կը փափաքինք տնտեսական հարցերը լուծել, ապա պէտք է այդ հարցին ախտաճանաչումը կատարենք, առանց այս կամ այն կողմը ամբաստանելու: Ան աւելցուց, որ բարեկարգումի որեւէ քայլի դէմ պիտի չկանգնի:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ պլոքը գումարեց իր նիստը, որմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, թէ Սաատ Հարիրի հաստատած է, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը Մուսթաքպալ հոսանքի անշեղ կեցուածքներէն է` իրաւունքը գործադրելու համար:
Պլոքը պատրաստակամութիւն յայտնեց Լիբանանին դիմագրաւած յաջորդ մարտահրաւէրներուն պատրաստ ըլլալու, որովհետեւ ինչ որ 17 հոկտեմբերէն առաջ կարելի էր, այլեւս` կարելի չէ:
Մուսթաքպալ պլոքը ընդգծեց, որ իրեն համար անբաղձալի է քաղաքական բախումներու եւ համայնքային աւելորդաբանութեան մէջ ներքաշուիլը, որովհետեւ ինք նախանձախնդիր կը մնայ քաղաքացիական անվտանգութեան պաշտպանութեան:
Մուսթաքպալ պլոքը կոչ ուղղեց` ազգային երկխօսութեան նիստ մը գումարելու եւ քննարկելու պաշտպանութեան ռազմավարութիւնն ու պատերազմի որոշումը միա՛յն լիբանանեան պետութեան իրաւասութիւնը պահելը:
Պլոքը աւելցուց, որ յառաջիկայ տարիները նախորդներուն նման պիտի չըլլան` շեշտելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն մշակելու համար ընտրական նոր օրէնք մը` կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու նպատակով: