Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը, որ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած էր Լիբանան:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քոնսթանթինոս Չացիթոմաս, ինչպէս նաեւ Տենտիասի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց, որ լիբանանեան-յունական յարաբերութիւնները հիմնուած են տարբեր մարզերուն մէջ գործակցութենէն ծնունդ առած հաստատ եւ ամուր սիւներու վրայ:
Ան նշեց, թէ երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի եւս կ՛ամրապնդուին` նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող միացեալ շահերը, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդները իրարու միացնող բարեկամութիւնը:
Նախագահ Աուն Տենտիասի յայտնեց, թէ Լիբանանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ կան միացեալ շահեր, որոնք բարիք եւ արդիւնք կրնան ապահովել այդ երկիրներու ժողովուրդներուն:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանին, որ ծովուժի մէկ զօրամասով մաս կը կազմէ հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` գործադրելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
Ներկաները քննարկեցին Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը եւ ընդհանուր առմամբ Լիբանանի վրայ անոր ունեցած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան եւ տնտեսութեան մարզերուն մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Տենտիաս իր կարգին յայտնեց, որ Յունաստան պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին` ընդգծելով, որ Լիբանան եւ Յունաստան կարիք ունին իրենց գործակցութիւնը համադրելու` երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ շրջանային ու միջազգային ամպիոններու վրայ իրարու զօրակցելու առումով:
Տնտիաս ողջունեց նախագահ Աունի կողմէ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ Լիբանանի աշխատանքը համադրելու առաջարկը` հաստատելով, որ Յունաստան պատրաստ է ամէն իմաստով Լիբանանին օժանդակելու:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Նիքոս Տենտիասը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը այցելեց վարչապետարան, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապի կողմէ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-յունական յարաբերութիւնները:
Արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի ընդունեց իր յոյն պաշտօնակիցը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Յունաստանի միջեւ առեւտուրը աշխուժացնելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան արտադրութիւններուն արտածումը քաջալերելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ, որ Լիբանան, Յունաստան եւ Կիպրոս մարտ ամսուան աւարտին կը միտին միացեալ վեհաժողով մը կազմակերպել:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Հըթթի յայտնեց, որ ինք Տենտիասէն իմացած է Յունաստանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին եւ անոր լուծման մանրամասնութիւններուն մասին:
Ան աւելցուց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն զօրակցելու համար լիբանանեան տարբեր մարզերուն, պաշտպանելու համար պաշտօնները, ինչպէս նաեւ քննարկելու համար նաւթին վերաբերող թղթածրարներ:
Իր կարգին, Նիքոս Տենտիաս հաստատեց, որ Յունաստան կառչած կը մնայ Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական գործակցութեան ամրապնդման:
Տենտիաս նկատել տուաւ, որ Յունաստան կը զօրակցի Լիբանանի գործադրելիք տնտեսական բարեկարգումներուն, ինչպէս նաեւ պիտի ջանայ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդել: