Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. «ՄԱԿ Պատրաստ Է Գործակցելու Լիբանանի Հետ Յայտնեց Քիւպիչ

February 20, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Քիւպիչ ընդգծեց Լիբանանի հետ գործակցելու ՄԱԿ-ի պատրաստակամութիւնը:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ, որ Տիապի փոխանցեց 17 հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ Լիբանանէն Զուիցերիա փոխանցուած գումարներուն մասին բացուած հետաքննութեան նախնական արդիւնքները:

Համաձայնութիւն գոյացաւ ընդարձակելու հետաքննութիւնը եւ շարունակելու զայն` իմանալու համար Լիբանանէն օտար երկիրները փոխանցուած բոլոր գումարներուն մասին եւ չբաւարարուելու միայն Զուիցերիայով:

Վարչապետ Տիապ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի բարձրագոյն յանձնակատար Քրիսթիան Սաունտըրզն ու ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ընդհանուր տնօրէն Քլաուտիօ Քորտոնին, ներկայութեամբ իր խորհրդականին` Խտըր Թալեպի: Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն եւ գաղթակայաններուն վերաբերող հարցեր:

Երեկոյեան Տիապ ընդունեց Դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրի եւ ներկայութեամբ Արաբական դրամատուներու համադաշնակցութեան գործադիր խորհուրդի նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյի:

Հանդիպումէն ետք Սֆէյր յայտնեց, որ վարչապետ Տիապի հետ քննարկած են 2020-ին վճարուելիք «Եուրոպոնտ»-ի նիւթական պարտքը, որ երկուքուկէս միլիառ տոլար է, եւ որուն առաջին կէսը պէտք է վճարուի 9 մարտ 2020-ին:

Սֆէյր նշեց, որ Դրամատուներու միութեան կեցուածքը այն է, թէ, եթէ կառավարութիւնը կը մտածէ նիւթական այս պարտաւորութիւնը վերադասաւորումի ենթարկել, ապա անիկա պէտք է կատարէ օրինաւոր ձեւով եւ բանակցելով այդ պարտաւորութեան բաժնետոմսերուն տէր ներդրումի ֆոնտերուն հետ:

Սֆէյր յայտնեց, որ Դրամատուներու միութեան նպատակն է հանրութեան պատկանող կալուածները, ինչպէս նաեւ դրամատուներուն վստահուած գումարները ապահով պահել:

«Կը հաստատեմ, որ «Եուրոպոնտ»-ի հարցով տրուելիք որեւէ որոշում զուտ կառավարութեան որոշումն է եւ անոր հայեցողութեան ձգուած է: Իսկ վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ դրամատնային մարզին առողջ եւ հեզասահ ընթացքին` պահպանելով գումարներ ունեցողներուն իրաւունքները եւ կազմակերպելով յաճախորդներուն դրամատուներուն միջեւ յարաբերութիւնը», ըսաւ Սֆէյր:

Նախորդը

Պըրրի. «Նիւթական Պարտաւորութիւնը Վերադասաւորելը Լաւագոյն Լուծումն Է»

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ . Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Քննարկեց Լիբանանի Հետ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.