Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փտածութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը այսօր երեկոյեան ժամը 5:00-ին բողոքի ցոյց մը պիտի կատարէ Կեդրոնական դրամատան դիմաց` պահանջելով իւրացուած եւ դուրս փոխանցուած գումարները վերադարձնել Լիբանան, ինչպէս նաեւ այս թղթածրարին վերաբերող բոլոր մանրամասնութիւնները իմանալ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Մայ Խրէյշ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան դիմաց կատարուելիք ցոյցին նպատակն է ճնշում բանեցնել` իմանալու համար դուրս փոխանցուած գումարներուն ճակատագիրը:
Ան դիտել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ամիս մը առաջ նամակ մը յղած է այս իմաստով, սակայն անպատասխան մնացած:
Խրէյշ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի գործընկերը չէ` աւելցնելով, թէ ան միակ կողմն է, որ կը մերժէ 90-ականներէն ի վեր որդեգրուած ելեւմտական քաղաքականութիւնները:
Միւս կողմէ, Կեդրոնական դրամատան հետաքննութեան խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ 2 յունուար 2020-ին ստացած են Ընդհանուր դատախազէն խնդրանք մը` իմանալու համար, թէ 17 հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ որքան գումար փոխանցուած է Զուիցերիա:
«Կեդրոնական դրամատան հետաքննութեան խորհուրդը 9 յունուար 2020-ին գումարած է նիստ մը, որուն ընթացքին որոշած է Լիբանանի մէջ գործող բոլոր դրամատուներէն պահանջել, որ դրամատուներուն մէջ գումարներ ունեցող քաղաքացիներուն եւ 17 հոկտեմբեր 2019-31 դեկտեմբեր 2019 կատարուած փոխանցումներուն մասին թղթածրարներ պատրաստել: Դրամատուներէն պատասխաններ ստանալէ ետք, հետաքննութեան խորհուրդը 6 փետրուար 2020-ին որոշեց անոնցմէ պահանջել մէկ շաբթուան ընթացքին Կեդրոնական դրամատան տրամադրել այդ գումարներուն պատկերն ու դէպի դուրս կատարուած փոխանցումներուն գործառնութիւնները», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Յայտնուեցաւ նաեւ, որ հետաքննութեան խորհուրդը իր աշխատանքները կը շարունակէ 44/2015 օրէնքին (դրամի լուացումի եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումի դէմ պայքարելու օրէնք) հիման վրայ, որպէսզի այդ հետաքննութիւնները աւարտէ եւ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի փոխանցէ անոնց արդիւնքները` առիթ տալով, որ ընդհանուր դատախազութիւնը իր կարգին դիմէ համապատասխան միջոցառումներու: