Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Պիտի Շարունակենք Օժանդակել Լիբանանին» Շեշտեց Զօր. Լորիմըր

Փետրուար 19, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու աւագ խորհրդական զօր. Ճոն Լորիմըրն ու անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական ներկայ տագնապը լուծելու ճիգերը ընթացքի մէջ են` կանխարգիլելու համար անոր ունենալիք հետեւանքները:

Ան նշեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը թեքնիք փորձառութիւն պիտի ներկայացնէ Լիբանանին, որպէսզի վերջինը կարենայ մշակել ծրագիր մը` լուծելու համար այս տագնապը:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող տագնապալի կացութիւնը, մասնաւորաբար` Սուրիոյ պատերազմը, իրենց վատ ազդեցութիւնը ունեցած են Լիբանանի վրայ, «սակայն մենք ճիգ պիտի չխնայենք, որ վերջ տանք Լիբանանի վրայ այդ տագնապներուն ունեցած հետեւանքներուն», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Բրիտանիոյ կառավարութեան` լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն անոր տրամադրած զինուորական օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ սահմանները հսկելու յատուկ աշտարակներու կառուցման եւ ապահովութեան ուժերուն զէնք զինամթերք հայթայթելու համար:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Լորիմըր շեշտեց, որ Բրիտանիա պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին` յատկապէս լիբանանեան բանակին ու ապահովութեան ուժերուն օժանդակելու առումով:

Զօր. Լորիմըր մաղթեց, որ Լիբանան կարենայ շրջանցել տնտեսական այս ծանր պայմանները:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ: Քննարկուեցան նախարարութեան եւ դատական իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ ելեւմտական բնոյթի դատական անլոյծ հարցերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:

 

 

Նախորդը

Համախմբումը Կոչ Ուղղեց` Իւրացուած Գումարները Վերադարձնելու Թղթածրարը Տարակարծութիւններէ Վեր Պահելու

Յաջորդը

Վարչապետ Տիապ Վաղը Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?