ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Աքքարի համար կարեւոր շարք մը բարգաւաճման ծրագիրներ: Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահի Ռուսիոյ հարցերով խորհրդատու Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ Ռուսիա այսօր կարողութիւնը ունի բախումներու մէջ գտնուող երկիրներուն միջեւ միջնորդ ըլլալու:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որուն հետ քննարկեց Չինաստանի մէջ տարածուած «Քորոնա» ժահրին տարողութիւնը, ինչպէս նաեւ զայն հակակշիռի տակ առնելու նպատակով չինական կառավարութեան ի գործ դրած ճիգերը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի բարձրագոյն յանձնակատար Քրիսթիան Սաունտըրզն ու ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ընդհանուր տնօրէն Քլաուտիօ Քորտոնը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 400 լ. ոսկիով, իսկ 98 օքթանը` 300 լ. ոսկի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ այս պայմաններուն մէջ Լիբանանէն կը պահանջուի փտածութեան դէմ խիստ պայքարի սկսիլ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Մուաուատ յայտնեց, որ արտօնելի չէ այլեւս, որ «ձկնիկներ»-ը հաշուետուութեան կանչել` առանց հասնելու փտածութեան թղթածրարներու գլխաւոր դէմքերն ու հեղինակները:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Սելիմ Սաատէ շեշտեց, որ ի վերջոյ Լիբանան սնանկութիւն պիտի յայտարարէ` աւելցնելով, որ երկիրը տասնեակ տարիներու կարիք ունի` տնտեսական փոսէն դուրս գալու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր յայտնեց, որ ներկայիս կառավարութիւնը չի մտածեր Յաւելեալ արժէքի տուրքը բարձրացնելու մասին, «սակայն կարեւորը այն է, որ կարելի ըլլայ Լիբանանի նիւթական պարտաւորութիւնը վերադասաւորումի ենթարկել», ըսաւ ան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան ցաւ յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ընթանայ ինքզինք Միջազգային դրամական ֆոնտին հոգատարութեան տակ դնելու ուղղութեամբ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ յայտնեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանին, որպէսզի ան իրագործէ իր խոստացած բարեկարգումները:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Լիբանանի դիմաց ծառացող տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները բաւական լուրջ են` այն աստիճան, որ անոնք լուծում չունին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մըրատ յայտնեց, որ համայնքային պատնէշները կը պաշտպանեն փտածներն ու անոնց դիրքերը:
«ՖԻՉ ՌԷՅԹԻՆԿԶ» ընկերութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ կայ նիւթական պարտաւորութիւնը վերադասաւորման ենթարկելու ընդհանուր մթնոլորտ մը:
«ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, վարչապետ Հասսան Տիապ կարգ մը պատասխանատուներու հետ կը պատրաստէ տնտեսական փրկութեան ծրագիր մը, զոր պիտի ներկայացնէ Միջազգային դրամական ֆոնտին: Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը Լիբանանի կառավարութեան խորհուրդ պիտի չտայ, այլ` պիտի սերտէ Լիբանանի նիւթական պարտաւորութեան ներկայացուցած կացութիւնը, եւ եթէ կարելիութիւն կայ անոր յարմար լուծումներ գտնելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութեան գործունէութեան ձախողութեան պարագային կուսակցութիւնը ճնշում պիտի բանեցնէ` կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու:
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Լիբանան պիտի հրաւիրէ 8 ընկերութիւններ, որոնք պիտի ներկայացնեն ելեւմտական խորհուրդներ, ինչպէս նաեւ պիտի ուսումնասիրեն երկրին նիւթական պարտաւորութիւնները կատարելու հեռանկարները:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Միջազգային ներդրումի ընկերութեան պատուիրակութենէն, երէկուան իր թիւով գրած է, թէ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ առաջարկուածը սեփականաշնորհում չի նկատուիր: Նոյն օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Տիապ միջազգային պատուիրակներուն փոխանցած է նիւթական պարտաւորութիւնը վերադասաւորման ենթարկելու լիբանանեան պետութեան փափաքը: