Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ «Քորոնա» Ժահրին Յատկացուած Նիստ Մը

February 25, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը քննարկելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու ձեւերը: Նիստին պիտի նախագահէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:

Միւս կողմէ, վարչապետ Տիապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որ շնորհաւորեց վարչապետը կառավարութեան կազմութեան առիթով` աւելցնելով, որ այդ մէկը նաեւ տեսակէտներու փոխանակման առիթ էր:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Տիապ յանձնառու կը մնայ երկրին դիմագրաւած տագնապներու լուծման:

Ան ընդգծեց, թէ վարչապետ Տիապի ներկայացուցած է ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ արձանագրած յաղթանակներուն մասին, ինչպէս նաեւ շեշտած Լիբանան-Յորդանան-Իրաք տնտեսական մակարդակով ապաքինելու կարեւորութիւնը:

Ալի անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ վրայ պարտադրուած շրջափակումն ու պատժամիջոցները վերջ գտնեն:

Ալի նշեց, որ Տիապի հետ հանդիպումը դրական էր եւ օգտակար` աւելցնելով, որ վարչապետը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ երկիրը յուզող տագնապներուն ելքեր ապահովելու նպատակով:

Վարչապետ Տիապի այցելեց նաեւ հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարունի:

Հանդիպումէն ետք Հարուն յայտնեց, որ վարչապետ Տիապի հետ քննարկած է հիւանդանոցային պիտոյքներ եւ բժշկական սարքեր ապահովելու կարեւորութիւնը:

Հարուն անդրադարձաւ նաեւ սեփական մարզին մէջ գործող 15 հազար քաղաքացիներու անգործութեան հարցին` նկատել տալով, որ անոնք կորսնցուցին ընկերային ապահովագրութեան իրենց իրաւունքը:

Ըստ անոր, կան անձնական ընկերութիւններ, որոնց պաշտօնեաներուն 25 առ հարիւրը ջնջած են իրենց բաժանորդագրութիւնը: «Այս կը նշանակէ, թէ 120-130 հազար քաղաքացի առանց ապահովագրութեան մնացած են, եւ բոլորը պիտի դիմեն առողջապահութեան նախարարութիւն` ստանալու համար բժշկական հատուցումները, զորս նախարարութիւնը ի վիճակի չէ կատարելու: Այս բոլորը կ՛ենթադրեն, որ երկրին իրավիճակը աւելի պիտի բարդանայ», հաստատեց Հարուն:

Ան շեշտեց, որ վարչապետ Տիապէն խնդրած են առողջապահութեան նախարարութեան պիւտճէն բարելաւել, որպէսզի նախարարութիւնը կարենայ բժշկական հատուցումներ տրամադրել:

Վարչապետ Տիապ ընդունեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Տիապի այցելեց նաեւ Նաքուրայի մէջ եռակողմանի խմբակին մաս կազմող լիբանանեան բանակին ներկայացուցիչը, որուն հետ քննարկեց խմբակին պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Մոհամետ Հասան Ժապեր Ժապեր: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քաթարեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

 

Նախորդը

Քանաան Եւ Ժապեր Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեցին Տնտեսական Բարեկարգումներու Գործադրութեան Հեռանկարները

Յաջորդը

Առողջապահութեան Նախարարը Կոչ Ուղղեց Լիբանանցիներուն` Վստահելու «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Լիբանանեան Պետութեան Որդեգրած Միջոցառումներուն

RelatedPosts

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի  Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ  Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»

November 9, 2026
Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն  Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»
Լիբանանեան

Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»

November 9, 2026
«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան  Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը
Լիբանանեան

«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.