Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանաան Եւ Ժապեր Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեցին Տնտեսական Բարեկարգումներու Գործադրութեան Հեռանկարները

February 25, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ երեսփոխան Եասին Ժապեր երէկ խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցան Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութեան հետ, որ ներկայացուց լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Քանաան յայտնեց, որ տեսակցութիւնը առիթ մըն էր նաեւ քննարկելու տնտեսական բարեկարգումներու գործադրութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ մսխումն ու փտածութիւնը կասեցնելու կարելիութիւնները:

Ան նշեց, որ իրենք զօրակցութիւն յայտնած են կառավարական այդ խմբակին, որ տնտեսական ու ելեւմտական ամբողջական ծրագիր պիտի մշակէ` վերադասաւորելու համար Լիբանանի նիւթական պարտքը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ անոր դրամատնային ու ելեւմտական մարզին հանդէպ վստահութիւն պիտի վերահաստատէ:

Միւս կողմէ, Քանաան խորհրդարանին մէջ նախագահեց իւրացուած գումարները վերադարձնելու հեռանկարները քննարկելու յատուկ աշխատանքային նիստի, որմէ ետք հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ջնջելու համար օրէնսդրութեան մէջ նշուած հակասութիւնները, որպէսզի կարենան անձեռնմխելիութիւնը վերացնել, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւնը պաշտպանել` փտածութեան դէմ պայքարի գործնական պայքարին ընթացքին:

Քանաան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչի հետ: Քննարկուեցան ելեւմտական բարեկարգումներու գործադրութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ փտածութեան դէմ պայքարին կարեւորութեան:

Աւելի ուշ Իան Քիւպիչ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Լիբանանի խորհրդարանը պէտք է կատարեալ թափանցիկութեամբ քննարկէ փտածութեան դէմ պայքարի օրէնքները եւ ոչ թէ փակ դռներու ետին: Օրինագիծերը պէտք է լիբանանեան հանրութեան տրամադրութեան տակ դրուին, որպէսզի լիբանանցիները իրենց մեկնաբանութիւնները կատարեն»:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ երեկոյեան Քիւպիչի կատարած այս գրառումին պատասխանեց հետեւեալ ձեւով. «Օրէնսդրութիւն կատարելու համար դասերու կարիք չունինք, եւ օր մը օրանց փակ դռներու ետին օրէնքներ չվաւերացուցինք»:

 

Նախորդը

Պըրրի Ճարտարարուեստի Մարզի Ընկերակցութեան Հետ Կը Քննարկէ Ճարտարարուեստը Աշխուժ Պահելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ «Քորոնա» Ժահրին Յատկացուած Նիստ Մը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի  Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ  Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»

November 9, 2026
Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն  Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»
Լիբանանեան

Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»

November 9, 2026
«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան  Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը
Լիբանանեան

«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.