Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի ընկերակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, նախագահութեամբ` Ֆատի Ժեմայէլի:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ճարտարարուեստի մարզին համար կարիք նկատուող գումարը պիտի ապահովուի կառավարութեան եւ համապատասխան նախարարութեան կողմէ, որպէսզի կարելի ըլլայ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն ամէն ինչ ապահովելու, իսկ անոնք, իրենց կարգին, երկիրը դարձեալ բարգաւաճեցնեն:
«Լիբանանի մէջ արտադրողական բոլոր մարզերը կառուցային փոփոխութեան կարիք ունին եւ պէտք է պատշաճեցուին` ներկայ փուլին մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար, բացի ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզերէն, որովհետեւ անոնք այն երկու մարզերն են, որոնք ամէն գնով պէտք է պաշտպանուին եւ բարգաւաճում ու զարգացում արձանագրեն», ըսաւ Պըրրի` աւելցնելով, որ այդ զոյգ մարզերուն ընդմէջէն է, որ կարելի պիտի ըլլայ լիբանանցի երիտասարդներուն աշխատանք ապահովել` վերջ տալով անգործութեան եւ փակելով արտագաղթի դռները:
Պըրրի հաստատեց, որ Ճարտարարուեստի մարզի ընկերակցութեան անդամները իրենց կարողութիւններով եւ փորձառութեամբ մեծապէս կրնան նպաստել Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման:
Իր կարգին, Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենց այցելութեան նպատակը եղած է Պըրրիի փոխանցել ճարտարարուեստի մարզին դիմագրաւած դժուարութիւնները` աւելցնելով, որ Պըրրիի կողմէ դրսեւորուած է իրենց աջակցելու եւ նեցուկ կանգնելու տրամադրութիւն:
Պըրրիի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Մոհամետ Սաֆատի եւ Ղազի Արիտի:
Միւս կողմէ կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին փուռերու սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Քազեմ Իպրահիմ յայտնեց, թէ իրենք իրենց յայտարարած բաց գործադուլը ջնջած են` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խնդրանքով:
 
			


