Ռաս Նաքուրայի մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի հանդիպում մը, նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ ներկայութեամբ` լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ-զօրավար Հասիպ Ապտոյի:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն լիբանանեան բանակը դատապարտեց ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւին դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութիւնները` ցամաքային, օդային թէ ծովային:
Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ կառչած կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին ամբողջական գործադրութեան եւ Իսրայէլէն պահանջեց Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն ու հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերու հեռանալ:
Լիբանանեան բանակը պահանջեց սահմանային Կապոյտ գիծէն, Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն, Ղաժար գիւղաքաղաքէն եւ Ռաս Նաքուրայի «Պի. 1» կէտէն հեռանալ:
Իր կարգին զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը եւ կոչ ուղղեց երկու կողմերուն` աւելի յաճախ գումարելու եռակողմանի նման հանդիպումներ կանխարգիլելու համար լարուածութիւնը:
Իսրայէլեան Աղբիւրներ. «Լիբանանի Նոր Կառավարութիւնը Հըզպալլայի Կամքին Համաձայն Կը Գործէ Եւ Անոր Շահերը Կը Պաշտպանէ»
Հիւսիսային Իսրայէլի մէջ իսրայէլեան ուժերու հրամանատար Էմիր Պըրաամ յայտնեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը Հըզպալլայի կամքին համաձայն կը գործէ եւ անոր ու Իրանի շահերը կը պաշտպանէ:
Պըրաամ սպառնաց, որ այս կացութեան պատճառով լիբանանեան սահմանամերձ շրջանի գիւղաքաղաքները սուղ պիտի վճարեն:
Պըրաամ հաստատեց, որ Հըզպալլա կը շարունակէ թիրախահար հրթիռներուն թիւը աւելցնել, ինչպէս նաեւ կը միջամտէ Լիբանանի կառավարութեան որոշումներուն:
Այս շրջագիծին մէջ Պըրաամ սպառնաց նաեւ Պէյրութը, Ժապալ Ամելը եւ հարաւային Լիբանանը հարուածել: