Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Համաձայնութիւն Յայտնեց Բարգաւաճման Արաբական Ֆոնտին Տրամադրած Վարկին` Բնակարանային Ֆինանսաւորման Համար

Փետրուար 22, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախանցեալ առաւօտ Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապ:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ փուլը աշխատանքի փուլ է` նկատի ունենալով, որ երկրին իրավիճակը այդպէս կը պարտադրէ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ պիտի որդեգրուին շարք մը միջոցառումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք ամէն ոք պիտի ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը, յատկապէս` իւրացուած գումարները ապօրինի կերպով դուրս փոխանցելու յանցանքին համար:

Ան շեշտեց, որ ցարդ արձանագրուած են հսկայ օրինազանցութիւններ, եւ իւրաքանչիւր կողմ այս իմաստով իր պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ 2020-ի պետական ամավարկը չէ ստորագրած` նկատի ունենալով, որ ան հաշուեփակ չէ պարփակած:

Ան շեշտեց, որ 2020-ի պետական ամավարկը պետական պաշտօնաթերթով պիտի հրապարակուի սահմանադրական ժամկէտը աւարտելէ ետք, այնպէս, ինչպէս նշուած է սահմանադրութեան 56-րդ եւ 57-րդ կէտերուն մէջ:

Իր կարգին, վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ կառավարութեան առնելիք առաջին քայլը պիտի ըլլայ նախորդ երեք տասնամեակներուն ընթացքին գործուած քաղաքական սխալները սրբագրելը, որովհետեւ անոնց պատճառով է, որ երկիրը քանդումի սեմին կը գտնուի:

Տիապ նշեց, որ յառաջիկայ փուլը շատ դժուար պիտի ըլլայ իրենց համար` աւելցնելով, որ իրենց պարտականութիւնն է յանգիլ այնպիսի լուծումներու, որոնք կը մեղմացնեն տագնապին ծաւալը եւ անոր ունենալիք հետեւանքները:

Անոր համաձայն հարկ է ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ներկայացուցիչներ միացնել կառավարութեան կազմելիք յանձնախումբերուն, որպէսզի անոնք եւս նպաստեն երկրին տագնապին լուծման:

Վարչապետը հաստատեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ գիտական եւ արհեստավարժ կերպով աշխատելու իր խոստումներուն:

Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին համաձայնութիւն յայտնեց բնակարանային ֆինանսաւորման համար Բարգաւաճման արաբական ֆոնտին տրամադրած 165 միլիոն տոլարի վարկին:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը որդեգրեց գործիքակազմ մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ գործադրել կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը` ճշդուած ուղեգիծի մը հիման վրայ, պայմանաւ որ նախարարական յանձնախումբերը վերատեսութեան ենթարկուին` հարկ եղած պահուն:

Նախագահ Աուն նախագահեց նաեւ տնտեսական եւ ելեւմտական այլ նիստի մը` Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրի հետ, ներկայութեամբ նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի եւ նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյրի:

Հանդիպումէն ետք Սֆէյր յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած են «Եուրոպոնտ»-ի թղթածրարը, ինչպէս նաեւ երկրին ելեւմտական հարցերը:

Սֆէյր յայտնեց, որ նախագահ Աունի ներկայացուցած են այնպիսի միջոցներ, զորս կարելի է օգտագործել Լիբանանի նիւթական պարտաւորութիւնը վերադասաւորելու` առանց բախումի, յատկապէս նկատի ունենալով պարտքը վերադասաւորելու Լիբանանի պատրաստակամութիւնը:

«Նախագահ Աունի, վարչապետ Տիապի եւ Դրամատուներու միութեան համար միացեալ նպատակ է այս տագնապէն նուազագոյն վնասներով դուրս գալն ու Լիբանանի համար լաւագոյն լուծում ապահովելը», ըսաւ Սֆէյր:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Կապի Իսան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապներուն լուծումը պիտի ըլլայ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը վճռած է ամէն ջանք ի գործ դնել` Լիբանանը փրկելու իր դիմագրաւած տագնապէն:

Նախագահ Աուն ըսաւ, որ կառավարութեան մղելիք հիմնական պայքարներէն մէկը պիտի ըլլայ փտածութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ բարեկարգումներուն գործադրութիւնը:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ թիւ 1701 բանաձեւին մասին Ապահովութեան խորհուրդի գումարելիք նիստին ներկայացուելիք յաջորդ տեղեկագիրին մէջ անդրադարձ կատարուի Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարին` աւելցնելով, որ, հակառակ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ վերջերս արձանագրուած ապահովական զարգացումներուն, հարաւային Լիբանանը մնաց կայուն:

Իր կարգին Քիւպիչ շնորհաւորեց նախագահ Աունը` նորակազմ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհումին առիթով: Ան ընդգծեց, որ ՄԱԿ կը զօրակցի Լիբանանի կատարելիք բարեկարգումներուն` աւելցնելով, որ ինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պիտի ներկայացնէ տեղեկագիր մը` 1701 բանաձեւին մասին, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ կարգ մը երկիրներ, որոնք հետաքրքրուած են Լիբանանով:

Նախագահ Աուն հանդիպում ունեցաւ նախկին նախարար Էլիաս Պու Սաապի հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

 

Նախորդը

Վարչապետ Տիապ Հանդիպում Ունեցաւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Պատուիրակութեան Հետ

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ Կ՛արձանագրուի «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Առաջին Պարագան

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?