Մինչ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ վաղը կէսօրուան ժամը 1:00-ին, նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը, քննարկելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու ձեւերը, Փուռերու սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Քազեմ Իպրահիմ յայտնեց, որ իրենք պիտի սկսին բաց գործադուլի մը, որուն իբրեւ հետեւանք լիբանանցի քաղաքացիները այսօր փուռերուն մէջ հաց պիտի չգտնեն:
Իպրահիմ նշեց, որ բաց գործադուլը պիտի շարունակուի ցնոր տնօրինում` աւելցնելով, որ իրենց եւ կառավարութեան միջեւ համաձայնութիւն չէ գոյացած, որովհետեւ լիբանանեան պետութիւնը կը մերժէ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնել:
Իպրահիմ յայտնեց, որ հիմնական պահանջը ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին սակի ճշդումն է` աւելցնելով, որ իրենք ցորենն ու ալիւրը ներածելու համար ամերիկեան տոլարով կը վճարեն, սակայն լիբանանեան դրամանիշով կը գործեն` հսկայական վնաս կրելով:
«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարող Նախարարական Յանձնախումբը Կը Խստացնէ Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Միջոցառումները
Վարչապետ Հասսան Տիապ նախանցեալ օր վարչապետարանին մէջ նախագահեց «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու միջոցներն ու կանխարգիլման ձեւերը սերտող նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին որոշուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ որդեգրուած միջոցառումները խստացնել, ինչպէս նաեւ նուազեցնել թռիչքները` դէպի այն երկիրները, ուր «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու բաւական թիւ կայ:
Նախարարական յանձնախումբը շեշտեց, որ իւրաքանչիւր նահանգի մէջ կառավարական հիւանդանոցը պիտի յատկացուի նման պարագաներ ընդունելու եւ մեկուսարաններ ու յատուկ խնամք տրամադրելու, որպէսզի անոնք բուժուին:
Նախարարական յանձնախումբը պարտականութիւն տուաւ պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին` հսկելու, որ լիբանանցի քաղաքացիները չուղղուին Չինաստանի, Հարաւային Քորէայի եւ Իրանի այն քաղաքները, ուր մեծ թիւով «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ կան:
Յանձնախումբը արտաքին գործոց նախարարութեան թելադրեց զբօսաշրջութեան եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն հետ գործակցիլ եւ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու մեծ թիւ ներկայացնող երկիրներուն մէջ լիբանանցի քաղաքացիներուն հետ կապուիլ` ստուգելու համար անոնց առողջական իրավիճակն ու անոնց տրամադրելու համար պէտք եղած դեղորայքը:
Յանձնախումբը կոչ ուղղեց դպրոցներուն, համալսարաններու, մարզական ակումբներուն, օդակայանին եւ օդանաւերուն մէջ հականեխումի անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը:
Յանձնախումբը հաստատեց նաեւ, որ եթէ կայ քաղաքացի մը, որ կը կասկածի, թէ ինք «Քորոնա» ժահրով վարակուած է, ապա զայն հիւանդանոց փոխադրելու պարտականութիւնը միայն կարելի է վստահիլ Լիբանանեան կարմիր խաչին:
Պէյրութի Կառավարական Հիւանդանոցը Կը Հաստատէ. «Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Ուրիշ Վարակուածներ Չկան»
Երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը յայտարարեց, որ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին շտապ օգնութեան իր բաժանմունքին մէջ ընդունած է 25 պարագաներ, որոնք կը կասկածէին, թէ «Քորոնա» ժահրով վարակուած են:
Հարկ եղած բժշկական բոլոր քննութիւնները կատարելէ ետք, անոնք հաստատեցին, որ ոչ ոք վարակուած է, եւ ոչ ոք կարիքը ունի հիւանդանոց մնալու:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին համաձայն, հիւանդանոցի առողջական մեկուսարաններուն մէջ գտնուող 7 պարագաներէն երեքը արդէն իսկ տուն վերադարձած են, իսկ մնացեալ 4-ը տակաւին կը մնան իրենց մօտ:
Հիւանդանոցը ընդգծեց, որ միայն Իրանէն Լիբանան հասած կնոջ պարագային, հաստատուած է «Քորոնա»-ով վարակուած ըլլալը, իսկ մնացեալ երեքին պարագային հաստատ չէ, այլ` կասկածներ կան, որ անոնք կրնան վարակուած ըլլալ:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին 27 հոգի, որոնք կասկածած են, թէ այդ «Քորոնա» ժահրը ունին` ենթարկուած են բժշկական քննութեան, սակայն ի յայտ եկած է, որ անոնցմէ ոչ ոք «Քորոնա»-ով վարակուած է:
Նշենք, որ նախարար Հասան շաբաթ օր դարձեալ ուղղուեցաւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց, ուր ան յայտնեց, որ Իրանէն Լիբանան հասած եւ «Քորոնա» ժահրով վարակուած կնոջ առողջական վիճակը բարելաւում կ՛արձանագրէ` աւելցնելով, որ ինք այցելած է նաեւ Նապաթիէի կառավարական հիւանդանոց, ուր կան «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալու կասկած ունեցող երկու պարագաներ, որոնք մնայուն հսկողութեան տակ կը գտնուին:
Նախարար Հասան ընդգծեց, որ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ` աւելցնելով, որ կառավարական հիւանդանոցներուն մէջ գտնուող բժշկական անձնակազմերը կրնան պատշաճ կերպով հետեւիլ հիւանդներուն եւ բուժել այդ պարագաները, եթէ արձանագրուին:
Միւս կողմէ, նախարար Հասան այս մասին մամլոյ միացեալ ասուլիս մը տուաւ տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատի հետ:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հասան յայտնեց, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը դրուատած է «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար Լիբանանի մէջ որդեգրուած բժշկական միջոցառումները:
Իր կարգին Ապտել Սամատ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին մասին ապատեղեկատուութիւն տարածող եւ սփռող որեւէ լրատուամիջոց կամ լրագրող հարցաքննութեան պիտի կանչուի:
Ան նշեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը «Քորոնա»-ով վարակուածներու պարագային մասին իր յայտարարութիւնը միայն Ազգային լրատու գործակալութեան միջոցով պիտի կատարէ: Ան կոչ ուղղեց` իրարանցում չստեղծելու եւ պատասխանատուութեամբ վերաբերելու «Քորոնա» ժահրին վերաբերող լուրերուն հետ: