Լիբանանեան

Մեկնարկ` Լիբանանի Մէջ Մօր Եւ Մանկան  Առողջութեան Մասին Ազգային  Բազմացուցանիշ Հետազօտութեան

Մեկնարկ` Լիբանանի Մէջ Մօր Եւ Մանկան Առողջութեան Մասին Ազգային Բազմացուցանիշ Հետազօտութեան

Լիբանանի վիճակագրութեան Կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանի հրաւէրով, երէկ, ուրբաթ, 28 փետրուար 2020-ի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հատէթի կեդրոնին մէջ մեկնարկեց ազգային բազմացուցանիշ հետազօտութեան հրապարակային գործունէութեան նախաքայլը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ  Եուքի Մոքոյի, բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներու: Ձեռնարկին բացումը կատարելով` դոկտ. Մարալ Կիտանեան ողջունեց ներկաները եւ խօսքը փոխանցեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Եուքի Մոքոյի: Ան հակիրճ ակնարկով անդրադարձաւ մօր...

Հըթթի Մեկնեցաւ Ֆրանսա

Հըթթի Մեկնեցաւ Ֆրանսա

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ֆրանսա, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին Ժան Իվ Լոտրիանի հետ: Միւս կողմէ, Հըթթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վերաբերող...

Ատրահի. «Իսրայէլեան Ռազմափորձերուն Նպատակն Է Լիբանանի Դէմ Յաջորդ Պատերազմին Պատրաստ Ըլլալ»

Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աֆիխայ Ատրահի երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը իրենց ռազմափորձերը աւարտած են արդէն: Ան նշեց, որ այդ ռազմափորձերուն նպատակն էր իսրայէլեան ուժերը կազմ ու պատրաստ պահել` Լիբանանի դէմ յաջորդ պատերազմին համար: «Ռազմափորձերուն մասնակցեցան իսրայէլեան ուժերու 36-րդ զօրամասը, որ տեղակայուած է հիւսիսային ճակատին վրայ, զրահապատներու յատուկ 7-րդ զօրամասը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ուժերու «Կոլանի» ընտրեալներու ջոկատը», ըսաւ Ատրահի:

Մերժելով Պաշտօնավարութիւններու  Երկարաձգումն Ու Աղբերու Վերադարձը.  «Հաշուետուութեան Պիտի Կանչենք» Արշաւի  Անդամներ Կը Թափանցեն  Վարչապետարանի Ցանկապատէն Ներս

Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Կրցած Է Ձերբակալել Ինքնաշարժներու Գողութեան Կազմակերպման Ղեկավարը

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երկար հետապնդումներէ ետք կրցած է ձերբակալել «Միզօ»-ն, որ ինքնաշարժներու գողութեան կազմակերպման ղեկավարն է, եւ որուն դէմ արձակուած են 148 բերման գիրեր` Պրիթելի մէջ գործուած ապահովական տարբեր գործողութիւններու յանցանքով: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կազմակերպած է ապահովական ընդարձակ գործողութիւն մը, որ տեւած է ամիսներ` հասնելու համար ինքնաշարժներու...

Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող  Առաջին Նաւթահորի Պեղումը Սկսաւ

Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող Առաջին Նաւթահորի Պեղումը Սկսաւ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրուան ժամը 12:15-ին մեկնարկը կատարեց լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող առաջին նաւթահորի պեղման աշխատանքներուն: 4-րդ նաւթահորին պեղումը սկսաւ «Թանկսթըն էքսփլորըր» նաւուն կողմէ` ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժարի, «Թոթալ» ընկերութեան Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի շրջանի նախագահ Սթիվըն Միշելի, «Նովաթեք» լիբանանեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Սուլաֆա Միշենի, «Էնի» ընկերութեան տնօրէն Անտրէա Քոզիի,...

Պըրրի Խորհրդարանի Յանձնախումբերը  Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

Պըրրի Խորհրդարանի Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ միացեալ նիստի հրաւիրեց խորհրդարանի ելեւմտական հարցերու եւ պետական ամավարկի, վարչական եւ արդարութեան հարցերու, արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, տնտեսութեան, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի, ազգային պաշտպանութեան, ներքին եւ քաղաքապետութեանց հարցերու, երկրագործութեան եւ զբօսաշրջութեան, հանրօգուտ շինութեանց, փոխադրութեան հարցերու, ուժանիւթի եւ կենսոլորտի հարցերու յանձնախումբերը: Այդ միացեալ նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 4 մարտ 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին եւ կը միտի...

Լիբանանի Մէջ Արձանագրուած Է  «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Երրորդ Պարագան

Լիբանանի Մէջ Արձանագրուած Է «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Երրորդ Պարագան

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած երրորդ պարագան, որ Լիբանան հասած է 24 փետրուար 2020-ին, Իրանէն Պէյրութ հասած օդանաւով: «Քորոնա» ժահրով վարակուած երրորդ պարագան, որ 1943-ին ծնած քաղաքացի մըն է, Լիբանանեան կարմիր խաչին յատուկ հիւանդատար մեքենայով փոխադրուած է Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց, ուր ան առողջապահական մեկուսարանի մը մէջ կը գտնուի, եւ որուն առողջական...

Ռայի Պատրիարք Ֆըրզլիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ռայի Պատրիարք Ֆըրզլիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին նուիրած է իր հեղինակած նոր գիրքը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են լիբանանեան տնտեսութեան վերաբերող շարք մը հարցերու, կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերուն` երկրին նիւթական պարտաւորութիւնը վերադասաւորելու եւ Լիբանան իր դիմագրաւած տագնապէն փրկելու վերաբերող: Ֆըրզլի ընդգծեց, որ...

Պուխարի Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Շրջանային  Եւ Միջազգային Իրադարձութիւնները

Պուխարի Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Շրջանային Եւ Միջազգային Իրադարձութիւնները

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, լուսարձակի տակ առնուեցան նաեւ միացեալ հետաքրքրութիւն նկատուող կարգ մը հարցերու մասին տարբեր տեսակէտները:

Ռամփլինկ. «Լիբանանի Դիմագրաւած Տնտեսական  Տագնապը Ծանր Է, Իսկ Բրիտանիա Յաւելեալ  Զօրակցութիւն Կը Տրամադրէ»

Ռամփլինկ. «Լիբանանի Դիմագրաւած Տնտեսական Տագնապը Ծանր Է, Իսկ Բրիտանիա Յաւելեալ Զօրակցութիւն Կը Տրամադրէ»

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկ երէկ այցելեց Պաալպեք, ուր յայտնեց, թէ Բրիտանիա կը շարունակէ ֆինանսաւորել Պաալպեքի եւ անոր շրջակայքին մէջ իր ստանձնած ծրագիրները: Ռամփլինկ շեշտեց, որ Բրիտանիա կ՛անդրադառնայ Պաալպեքի եւ ամբողջ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական մարտահրաւէրներուն, եւ կ՛ակնկալէ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը այս իմաստով քայլերու նախաձեռնէ` դիմակայելու համար տնտեսական այս ճնշումները: «Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը ծանր է, իսկ Բրիտանիա յաւելեալ զօրակցութիւն կը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակն ու Կեդրոնական դրամատան աշխատանքները: ՓՈՒՌԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Քազեմ Իպրահիմ երէկ պաշտօնապէս հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն: Ան իր հրաժարականին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց իր բոլոր գործընկերներուն, որոնք 52 տարի շարունակ գործակցեցան իրեն հետ եւ յաջողութիւն մաղթեց սենտիքայի յաջորդ նախագահին: ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական...

Լիբանանեան Առաջին Նաւթահորի  Պեղման Նախօրեակին .  «Վաղը Լիբանանի Համար Պատմական Օր Է,  Զոր Պիտի Յիշէ Լիբանանի Ներկան Ու Ապագան»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Լիբանանեան Առաջին Նաւթահորի Պեղման Նախօրեակին . «Վաղը Լիբանանի Համար Պատմական Օր Է, Զոր Պիտի Յիշէ Լիբանանի Ներկան Ու Ապագան» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին լիբանանցիներուն փոխանցեց ուղերձ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան այսօր պիտի վկայէ պատմական օր մը, զոր պիտի յիշէ Լիբանանի ներկան ու ապագան, որովհետեւ այսօր Լիբանան պաշտօնապէս մաս պիտի կազմէ նաւթային երկիրներուն: Իր խօսքին մէջ նախագահ Աուն ընդգծեց, որ 2005-ին, երբ Լիբանան վերադարձաւ, գրեթէ վստահ էր, որ այս երազը պէտք է իրականանայ,...

Վաւերացուեցաւ Բժշկական Նպատակներով  Կանեփի Ցանքը Օրինականացնելու Առաջարկը

Վաւերացուեցաւ Բժշկական Նպատակներով Կանեփի Ցանքը Օրինականացնելու Առաջարկը

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ նախագահեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ու վաւերացուեցաւ բժշկական նպատակներով կանեփի ցանքը օրինականացնելու առաջարկը: Նիստէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ ընդունուած օրէնքը փոխանցուած է խորհրդարանի լիագումար նիստին` ընդգծելով, որ այդ առաջարկը վաւերացուած է ներկայ երեսփոխաններուն մեծամասնութեամբ: «Մըքքենզի հաստատութեան կատարած ուսումնասիրութեան համաձայն, կանեփի ցանքին օրինականացումը կրնայ Լիբանանին տնտեսական հսկայական մուտքեր ապահովել», հաստատեց ան: Նշենք, որ...

«Դրամատուներուն Մէջ Գտնուող  Լիբանանցիներուն  Գումարները Սրբութիւններուն  Սրբութիւնը Կը Նկատուին»  Շեշտեց Պըրրի

«Դրամատուներուն Մէջ Գտնուող Լիբանանցիներուն Գումարները Սրբութիւններուն Սրբութիւնը Կը Նկատուին» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ բոլորին յոյսերը կեդրոնացած են Լիբանանի նաւթի հարստութեան վրայ` աւելցնելով, որ այդ յոյսերը իրականացնելու համար պէտք է յարմար գործիքակազմերու դիմենք` փրկելու համար Լիբանանը տնտեսական եւ ելեւմտական ծանր վիճակէն, ինչպէս նաեւ ազատելու համար լիբանանցիները, իրենց դիմագրաւած ծանր տագնապէն: Անդրադառնալով «Եուրոպոնտ»-ի նիւթական պարտաւորութեան թղթածրարին` Պըրրի յայտնեց,...

Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը  Պատժամիջոցներ Կ՛որդեգրէ Հըզպալլայի Մօտիկ  Անձնաւորութիւններու Եւ Գոյացութիւններու Դէմ

Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը Պատժամիջոցներ Կ՛որդեգրէ Հըզպալլայի Մօտիկ Անձնաւորութիւններու Եւ Գոյացութիւններու Դէմ

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ յաւելեալ տնտեսական եւ ելեւմտական պատժամիջոցներ որդեգրեց Հըզպալլայի մօտիկ անձնաւորութիւններու ու միութիւններու դէմ: Այդ անձնաւորութիւններն են շէյխ Եուսեֆ Ապտել Ռիտա, Քասեմ Պեզզի եւ Նուրէտտին Ժաուատ, որոնք Հըզպալլայի մտերիմ անձնաւորութիւններ են, ինչպէս նաեւ «Միրաս» եւ «Սանոֆիրա ֆարմա» գոյացութիւնները: Մ. Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը նկատել տուաւ, որ Հըզպալլա իր հակակշիռը կը պարտադրէ լիբանանեան տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքականութեան վրայ:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակումի երկրորդ պարագան արձանագրուած է: Նշեալ պարագան, որ դարձեալ Իրանէն վերադարձած էր Պէյրութ, արդէն իսկ կը գտնուէր Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի մեկուսարաններէն մէկուն մէջ եւ ենթարկուած էր բժշկական քննութիւններու, որոնք հաստատեցին անոր` «Քորոնա»-ով վարակուած ըլլալը: Նշենք, որ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը յայտարարեց, որ դիմած է հիւանդանոցին մէջ վարժանքներու մասնակցող տարբեր համալսարաններէ բժշկութեան ուսանողներուն` մաս կազմելու «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու...

Կառավարութիւնը Որոշեց Արգիլել Հոգեւոր  Ուխտագնացութիւնները` Դէպի Այն Երկիրները,  Ուր «Քորոնա» Ժահրի Տարածում Կայ

Կառավարութիւնը Որոշեց Արգիլել Հոգեւոր Ուխտագնացութիւնները` Դէպի Այն Երկիրները, Ուր «Քորոնա» Ժահրի Տարածում Կայ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապ: Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկիրը յուզող իրադարձութիւնները: «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու եւ նախազգուշանալու միջոցներուն յատկացուած կառավարութեան նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ այս առումով Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը, որուն մասին ամբողջական տեղեկագիր...

Վարչապետը Նաւթի Ներածման  Յատուկ Հաշիւներ  Ունենալու Ձեւերը Քննարկեց  Ղաժարի Եւ Սալամէի Հետ

Վարչապետը Նաւթի Ներածման Յատուկ Հաշիւներ Ունենալու Ձեւերը Քննարկեց Ղաժարի Եւ Սալամէի Հետ

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ եւ վարչապետ Տիապի աւագ խորհրդատու Խտըր Թալեպ: Ղաժար յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են նաւթի ներածման յատուկ հաշիւներ ունենալու ձեւերը: Միւս կողմէ, յետմիջօրէին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ թելադրեց...

«Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ  Հանդիպումներուն  Արդիւնքները Պիտի Ըլլան Դրական`  Հակառակ Տիրող Վատ Պայմաններուն»   Շեշտեց Ֆըրզլի

«Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Հանդիպումներուն Արդիւնքները Պիտի Ըլլան Դրական` Հակառակ Տիրող Վատ Պայմաններուն» Շեշտեց Ֆըրզլի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու երեսփոխանական յանձնախումբերուն աշխատանքները: Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի հաստատեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է երկրին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ ընթացող օրէնսդրական աշխատանքները: Ֆըրզլի նշեց, թէ այսօր խորհրդարանի յանձնախումբերուն միացեալ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի դեղորայք պատրաստելու նպատակով կանեփի ցանքը...

Հըթթի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբին Ներկայացուց  Իր Նախարարութեան Պատկերացումը

Հըթթի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբին Ներկայացուց Իր Նախարարութեան Պատկերացումը

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի: Նիստին ներկայ գտնուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Ազար, Իպրահիմ Մուսաուի, Փիեռ Պու Ասի, Ժորժ Օքէյս, Ալի Պեզզի, Ֆարիտ Պուսթանի, Ֆուատ Մախզումի, Միշել Մուսա, Նաամաթ Աֆրամ, Հանրի Շտիտ, Հասան Իզզէտտին, Ֆատի Ալամէ, Անուար Ժումաա եւ Նիքոլա Նահհաս, ինչպէս նաեւ արտաքին...

Page 507 of 988 1 … 506 507 508 … 988

Արխիւներ