ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժարի մամլոյ գրասենեակը յայտնեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 4 նաւթահորը պեղելու համար «Թունկսթոն էքսփլորըր» նաւը այսօր պիտի հասնի լիբանանեան ջուրեր: Նոյն գրասենեակը հաղորդեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ արդէն իսկ կան երեք այլ նաւեր, որոնք պեղումը սկսող նաւուն գումակային օժանդակութիւններ պիտի տրամադրեն:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խոսէ Մարիա Ֆերէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սպանական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սպանիոյ կողմէ միջազգային կազմակերպութիւններու ճամբով Լիբանանի եւ հարաւային Լիբանանի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն տրամադրուած օժանդակութիւնները:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու նախարարութեան առաջնահերթութիւնները, յատկապէս Բրիտանիոյ հետ գործակցութեան առումով: Նաժժարի այցելեցին նաեւ երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն եւ նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատի:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է անմիջապէս կասեցնէ իր թռիչքները` այն երկիրներուն հետ, որոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ ունին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, թէ յայտարարուած «Դարու գործարք»-ը, որ ոչ մէկ պաղեստինցիի ստորագրութիւնը կը կրէ, անարժէք փաստաթուղթ կը նկատուի:
ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու – Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ հարցը փուռերու սեփականատէրերուն հետ չէ, այլ` երկրին իշխանութեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Մայ Խրէյշ դիտել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ներքին կազմակերպական աշխատանքի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը թիրախ կը դառնայ այն վարչակազմին կողմէ, որ կը փափաքի Լիբանանը ախոռ պահել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ կառավարութեան պարտականութիւնն է յստակ եւ կտրուկ որոշումներ տալ` Լիբանանի նիւթական բացը գոցելու եւ երկրին ելեւմտական իրավիճակը բարելաւելու համար:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նազիհ Նաժըմ յայտնեց, որ ելեկտրականութեան մարզին մէջ արձանագրուած մսխումը մեծ է` աւելցնելով, որ ելեկտրականութեան մարզը աւելի քան 50 միլիառ տոլարի վնաս կը պատճառէ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի ուղղուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ընկերակցութեամբ` քաղաքական իր խորհրդատուին Ղաթթաս Խուրիի: Կը նախատեսուէր, որ երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Հարիրի հանդիպումներ ունենար, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պատասխանատուներուն հետ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Համայն Արեւելքի եւ Անտիոքի ասորի ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքը: Քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող զարգացումներն ու մարտահրաւէրները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Լիբանանի բարեկամ է ան, որ զինք կը փրկէ քանդուելէ, եւ ոչ թէ ան, որ կը փափաքի Լիբանանը ծունկի տեսնել:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ կառավարութենէն կը պահանջուի առաջնահերթութիւնները ճշդել եւ յանդուգն որոշումներ կայացնել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ յաջորդ փուլին վարչապետ Հասսան Տիապի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յարաբերութիւնները դառնան փշոտ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէ, հաստատեց, որ առաջնահերթութիւնը այսօր հանրապետութեան նախագահին հրաժարականը չէ: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները վերագրելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահը ձախողեցնելը կարիք ունի ազգային միասնականութեան կառավարութեան:
 
			

