Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առողջապահութեան Նախարարը Կոչ Ուղղեց Լիբանանցիներուն` Վստահելու «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Լիբանանեան Պետութեան Որդեգրած Միջոցառումներուն

Փետրուար 25, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանը, որուն հետ քննարկեց առողջապահութեան նախարարութեան կարիքներն ու Լիբանանի դիմագրաւած «Քորոնա» ժահրի մարտահրաւէրը:

Հասան հաստատեց, որ նախագահ Աուն պատրաստ է ամէն իմաստով զօրակցելու առողջապահութեան մարզին` դիմագրաւելու համար Լիբանանի դէմ ծառացող մարտահրաւէրները: «Առողջապահութեան մարզը բոլորին համար կարմիր գիծ է», ըսաւ ան:

Համատ Հասան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` վստահելու «Քորոնա» ժահրին դէմ լիբանանեան պետութեան որդեգրած միջոցառումներուն, որոնք կը գործադրուին` Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ գործակցաբար:

Հասան ընդգծեց, որ Իրանէն եւ Իտալիայէն Լիբանան ժամանած օդանաւերուն մէջ գտնուող բոլոր ճամբորդները քննութեան ենթարկուած են, եւ ի յայտ եկած է, թէ ոչ ոք «Քորոնա» ժահրով վարակուած է:

Առողջապահութեան նախարարը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կան պէտք եղած բժշկական իրերը` աւելցնելով, սակայն, որ կան նաեւ որոշ անհատներ, որոնք իրենց հակակշիռին տակ առած են այդ իրերը, եւ այս արարքը բարոյական չէ` հետեւաբար ան ենթակայ է օրինական հետապնդումի:

Համատ Հասան կարեւորութեամբ շեշտեց խուճապի եւ իրարանցումի չմատնուելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս եթէ անոնք  հիմնուած են անճիշդ լուրերու վրայ:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Իտալիայէն Լիբանան հասած օդանաւի մը 107 ճամբորդները օդակայանին մէջ ենթարկուեցան առողջապահութեան նախարարութեան ճշդած քննութիւններուն եւ պարզուեցաւ, որ անոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուած չեն:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ «Քորոնա» Ժահրին Յատկացուած Նիստ Մը

Յաջորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Վարչապետ Տիապին

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?