Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 24, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահած Ս. պատարագին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է գտնէ այն ձեւերն ու միջոցները, որոնց գործադրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ դուրս գալ Լիբանանի տագնապէն եւ լուծել երկրին դիմագրաւած բոլոր հարցերը:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ղազի Ուազնի ընդունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց ֆոնտին կողմէ Լիբանանի տրամադրուելիք թեքնիք օժանդակութիւնը, որպէսզի ան կարենայ մշակել տնտեսական-ելեւմտական կացութեան փրկութեան իր ծրագիրը:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ եւ երկրագործութեան նախարար Ապպաս Մուրթատա յայտնեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող նաւթահորերուն առաջին պեղումը պիտի սկսի 4-րդ նաւթահորէն` հինգշաբթի, 27 փետրուար 2020-ին:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց արդարութեան մարզին մէջ լիբանանեան-ֆրանսական գործակցութեան հեռանկարները:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ եւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Տըմիանոս Քաթթար ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ գործադրուած այն ծրագիրները, որոնք կը վայելեն բրիտանական դեսպանատան զօրակցութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ այդ ծրագիրներուն գործադրութիւնը պիտի շարունակուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենց մղած պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ որ որոշումի ուժը ժողովուրդին վերադառնայ` կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ եթէ ինք խորհրդարանի մեծագոյն պլոքի նախագահը ըլլար, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ թղթածրար մը կը ներկայացնէր` զայն դատավարութեան ենթարկելու նպատակով:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ իրենք ճնշում պիտի բանեցնեն` երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու նպատակով: Ան նշեց նաեւ, որ պէտք է ներկայ ընտրական օրէնքը բարեփոխումի ենթարկել:

 

 

 

Նախորդը

Նշմար. Բարացուցական Խօսք Եւ Անհեթեթ Փորձ

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Լիբանանի Ելեւմտական Տագնապը Կարելի Է Լուծել»

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.