ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Ալի Շաուապքէն, որուն հետ քննարկեց համադաշնակցութեան աշխատանքները` նկատի ունենալով, որ համադաշնակցութեան կեդրոնը կը գտնուի Պէյրութ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ արաբական դատերուն վերաբերեալ համադաշնակցութեան դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբական միացեալ գործունէութիւնը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարած իր գրառումով յայտնեց, թէ Լիբանանի 4-րդ նաւթահորի պեղման նպատակով «Թանկսթըն էքսփլորըր» նաւը հասած է Լիբանան:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց արդարութեան նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ին միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մանալ Ապտել Սամատ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց լրագրողներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի: Քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան մարզին ու անոր դերակատարութեան վերաբերող հարցեր ու այլ մանրամասնութիւններ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ղազի Ուազնի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ իրաքեան դեսպանատան գործավար Ամին Ապտել Իլահ Նասրաուին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վկայած տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի ընդունեց երեսփոխաններ Թոնի Ֆրենժիէն եւ Ֆարիտ Հայքալ Խազենը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ֆահմիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Եորկըն Լինտսթրոմը: Քննարկուեցան լիբանանեան-շուէտական յարաբերութիւններն ու միջազգային կազմակերպութեանց ճամբով նախարարութեան մատուցուած օժանդակութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ խստիւ քննադատեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իան Քիւպիչի կողմէ լիբանանեան ներքին քաղաքականութեան միջամուխ դառնալու փորձերը: Ան մաղթեց, որ ՄԱԿ ամէն ջանք ի գործ դնէ իր տուած բանաձեւերը գործադրելու:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախկին նախարար Ալեն Հաքիմ եւ կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւնները համակարգող Մարուան Ապտալլա:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ Հըզպալլայի պատճառով իրենք վատ օրերու մէջ կը գտնուին:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Ապտել Քերիմ Ռաքայպին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` գլխաւորութեամբ Անթուան Մերհեպի: Հանդիպումին ընթացքին
քննարկուեցան լիբանանեան-ալճերիական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ալճերիոյ կողմէ Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու հեռանկարները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ բարեկարգումն ու փտածներուն դէմ պայքարը դատական իշխանութիւններուն կողմէ կը սկսի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Սաֆատի կոչ ուղղեց` Լիբանանի կատարելիք «Եուրոպոնտ»-ի նիւթական պարտաւորութիւնը վերադասաւորելու նախքան այդ պարտաւորութիւնը կատարելը կամ տագնապին լուծման մասին մտածելը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն ենթարկուիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան Սուրիոյ կարիքը ունի` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ զիրար ամբողջացնելու իրականութիւնը կը հզօրացնէ երկու երկիրները` քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական առումով: Ալի հաստատեց, որ վարչապետ Հասսան Տիապի հետ իր հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութեան գործնական քայլեր առնելու անհրաժեշտութիւնը վստահաբար կը զօրացնէ Լիբանանի կառավարութիւնը, իսկ միւս կողմէ չի տկարացներ սուրիական կառավարութիւնը: