Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Տիապ Հանդիպում Ունեցաւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Պատուիրակութեան Հետ

Փետրուար 22, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ նախանցեալ օր վարչապետարանին մէջ նախագահեց տնտեսական-ելեւմտական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ պատուիրակութիւնը, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, տնտեսութեան նախարար Ռաուուլ Նաամէ, արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ եւ վարչապետի խորհրդատու Խտըր Թալեպ:

Նիստէն ետք Ուազնի յայտնեց, որ այս նիստին նպատակն էր ծանօթանալ իրարու` աւելցնելով, որ Լիբանան պատրաստած է տնտեսական տագնապի լուծման ծրագիր մը: Ան շեշտեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը իր տեսակէտը ներկայացուցած է` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական ներկայ իրավիճակը, «ինչպէս նաեւ փոխանցած է կառավարութեան, թէ տնտեսական եւ ելեւմտական առումով Լիբանան ի՛նչ բարեկարգումներ գործադրելու կարիք ունի` անդրադառնալով դժուարութիւններուն եւ տագնապի լուծման առաջնորդող միջոցներուն», ըսաւ ան:

Ուազնի հաստատեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը իր աշխատանքը պիտի շարունակէ Լիբանանի հետ, մինչեւ կառավարութեան հետ ծրագիրը ամբողջացնէ:

Ան աւելցուց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ պատահածը թեքնիք խորհրդակցութիւններուն մաս կը կազմէ:

Նշենք, որ վարչապետ Տիապ երէկ ընդունեց Լիբանանեան սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի գործակցութեան աշխուժացման կարեւորութիւնը:

Հանդիպում` Պէյրութի Առեւտրականներու Միութեան Հետ

Վարչապետ Տիապ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պէյրութի առեւտրականներու միութեան հետ, ներկայութեամբ` միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմասի եւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուուլ Նաամէի:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ կառավարութիւնը տիւ ու գիշեր պիտի աշխատի եւ իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցներն ու կարելիութիւնները պիտի օգտագործէ` փրկելու համար երկիրը:

«Մեր ստանձնած ազգային հսկայ պարտականութիւնն է այս մէկը, իսկ երկիրը կարիքը ունի բոլորին ջանքերուն», շեշտեց ան:

Տիապ աւելցուց, որ իր նախագահած կառավարութիւնը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ 30-ամեայ տնտեսական տագնապին լուծումներ ապահովելու` 30 օրուան մէջ:

Իր կարգին Շամմաս ընդգծեց, որ առեւտուրի մարզը եւ սեփական մարզը կարելի չէ զանց առնել երկրին տնտեսական տագնապին համար ծրագրուելիք լուծումէն:

Նաամէ նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը ելեւմտական հարցերով եւ «Եուրոպոնտ»-ով չի զբաղիր միայն, այլ` տնտեսութեամբ, որ հիմնականին մէջ կը ներառէ առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտները:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի տագնապին լուծումը կարելի կը դառնայ, երբ անոր տնտեսութիւնը կը սկսի բարգաւաճիլ:

Քանաան Նախագահեց «Եուրոպոնտ»-ի Վերաբերող Նիստի Մը

Միւս կողմէ, ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ ներկայութեամբ Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան «Եուրոպոնտ»-ի թղթածրարին վերաբերող հարցեր:

Նիստէն ետք Քանաան զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի շահերը ապահովող լուծումներ երաշխաւորելու կառավարութեան լուրջ փորձերուն:

Քանաան յայտնեց, որ երկրին տնտեսութեան փրկութիւնը կարելի է` աւելցնելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը «Եուրոպոնտ»-ի թղթածրարով չի սահմանափակուիր, այլ` ամբողջ տնտեսական համակարգը վերակառուցելով:

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Համաձայնութիւն Յայտնեց Բարգաւաճման Արաբական Ֆոնտին Տրամադրած Վարկին` Բնակարանային Ֆինանսաւորման Համար

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?