«Համայնքային Դրութիւնը Որոշ Ժամանակաշրջանի Մը Համար Էր, Սակայն Ներկայիս Ան Սադրանքներ Կը Հրահրէ, Հետեւաբար Կարիքը Կայ Նոր Վարչակարգի Մը» Շեշտեց Նախագահ Աուն
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակին առիթով, կիրակի, 30 օգոստոս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, լիբանանցիներուն ուղղած իր ուղերձին մէջ կոչ ուղղեց, Լիբանանը քաղաքացիական պետութիւն յայտարարելու: Նախագահ Աուն խոստացաւ լիբանանցիները հրաւիրելու երկխօսութեան մը, որուն պիտի մասնակցին հոգեւոր իշխանութիւններն ու քաղաքական ղեկավարները` յանգելու համար բոլորին կողմէ ընդունուած տարբերակի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ ըստ այնմ սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարել: Նախագահ Աուն...




















