Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Պիտի Համագործակցինք` Երկիրը Անիշխանութենէ Դուրս Բերելու Եւ Բարեկարգումները Գործադրելու Համար» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սեպտեմբեր 1, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ շաբաթավերջին` Աշուրայի տօնին առիթով, արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ  հաստատեց, որ Հըզպալլա պատրաստ է մասնակցելու որեւէ հանդարտ երկխօսութեան, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ քաղաքական նոր կարգավիճակի մը` պայմանով որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը համաձայն ըլլան:

Ներքին լիբանանեան առումով սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ իրենք համաձայն են ամէն տեսակի բարեկարգումի` յոյս յայտնելով, որ վարչապետի նշանակումը կատարուի:

«Կառավարութեան կազմութեան առումով պիտի համագործակցինք` երկիրը անիշխանութենէ դուրս բերելու եւ բարեկարգումները գործադրելու համար: Կոչ կ՛ուղղենք մշակելու յստակ գործիքակազմեր` դրսեւորելու համար ցոյցերուն ընթացքին հնչած լիբանանցի ժողովուրդին պահանջները եւ կամ կատարելու հանրաքուէ մը», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա անհրաժեշտ նկատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը շարունակուի եւ անոր արդիւնքները յայտարարուին:

«Հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ պատահածը ցոյց կու տայ, թէ իսրայէլեան ուժերը ինչպիսի՛ սարսափի մէջ կ՛ապրին: Իսրայէլ պէտք է հասկնայ, որ երբ մեր մարտիկներէն մէկը սպաննէ, իր զինուորներէն մէկը պիտի սպաննենք», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա աւելցուց, որ Ամալ շարժումին հետ իրենց յարաբերութիւնները շատ խոր են` հակառակ Լիբանանի մէջ ոմանց հետապնդած նպատակներուն:

Ան զգուշացուց Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ը վերարտադրելու փորձերէն:

«Եմէնի դէմ մղուած պատերազմը ամերիկեան է, իսկ Սէուտական Արաբիա եւ Միացեալ Էմիրութիւններ Ուաշինկթընի եւ անոր որոշումները գործադրելու գործիքներ են», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան առանցքը կը ներկայանայ իբրեւ արդարութիւն եւ իրաւունք` անարդարին եւ անիրաւին դիմաց, զորս կը մարմնաւորէ ամերիկեան բռնատիրութիւնը:

Ան հաստատեց, որ Իսրայէլի հետ որեւէ տեսակի հաշտութիւն խստիւ դատապարտելի է` ընդգծելով, որ իրենք կը դատապարտեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավարութեան կեցուածքը:

Նախորդը

Ապահովութեան Խորհուրդը Մէկ Տարիով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Առաքելութիւնը` Պայմանով Որ Այդ Ուժերուն Թիւը 2 Հազարով Նուազի

Յաջորդը

Պըրրի. «Պէյրութի Նաւահանգիստին Պայթումը Բացայայտեց Երկրին Քաղաքական Եւ Տնտեսական Վարչակարգի Ամբողջական Փլուզումը»

RelatedPosts

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին  Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու» Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

Յուլիս 15, 2025
Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ  Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար  Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Յուլիս 15, 2025
Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ  Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց  Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ  Շարունակելու Կարելիութիւնը»
Լիբանանեան

Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ Շարունակելու Կարելիութիւնը»

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?