Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` նշելով, թէ Խալտէի մէջ երէկ երեկոյեան արձանագրուած են զինեալ բախումներ, եւ բանակը կրցած է հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը:
Զինեալ բախումներուն պատճառով արձանագրուեցան երկու զոհեր եւ երեք վիրաւորներ:
Բանակը ձերբակալեց չորս յանցագործներ, որոնցմէ երկուքը լիբանանցիներ, իսկ միւս երկուքը սուրիացիներ:
Անպաշտօն տեղեկութիւններու համաձայն, Խալտէի «Ռամմալ» հանրախանութին կից, ինչպէս նաեւ Խալտէ-Տաուհեթ Արամուն շրջանին մէջ զինեալ բախումներ սկսած էին կրօնական բնոյթի պաստառներ եւ կուսակցական դրօշակներ կախելու պատճառով:
Զինեալ բախումները արձանագրուեցան կարգ մը կուսակցականներու եւ շրջանի արաբներուն միջեւ:
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան անմիջապէս հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ տուեալ կողմերուն հետ` պահանջելով վերջ տալ բախումներուն: Ան կոչ ուղղեց բանակին` անմիջապէս միջամտելու:
Երեկոյեան ժամը 9:00-էն ետք Խալտէի զինեալ բախումները շարունակուեցան` ստանալով աւելի ծանր թափ: Բանակը զօրացուց իր դիրքերը Խալտէի մէջ եւ փորձեց կացութիւնը իր հակակշիռին տակ առնել, սակայն այդ փորձերը անյաջող դուրս եկան:
Կրակոցները աւելի սաստկացան արաբ ցեղախումբերուն կողմէ` «Ռամմալ» հանրախանութին դէմ, որ գրեթէ ամբողջութեամբ հրկիզուեցաւ եւ պատճառ դարձաւ ամբողջ շէնքին հրկիզումին:
Մուսթաքպալ հոսանքը խստիւ դատապարտեց պատահարը եւ կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն` ինքնազսպումի ենթարկուելու:
Գիշերուան ժամը 10:30-ին Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ կատարուեցան հաղորդակցութիւններ` ընդհանուր Ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի միջնորդութեամբ:
Նոյն ժամուն լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժեր հասան Խալտէ, եւ կացութիւնը համեմատաբար հակակշռուեցաւ:
Մինչ Խալտէի մէջ զգուշաւոր լռութիւն տիրեց, Աքքարի մէջ բռնկեցան նոյն տեսակի հարցեր` արաբ ցեղախումբերուն կողմէ: