Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միլիոնաւոր Տոլարի Օժանդակութիւն Կը Տրամադրէ Լիբանանին

Օգոստոս 28, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նոր Վարչապետի Նշանակման Ջանքերը`
Տեղքայլի Մէջ

Նոր վարչապետի նշանակման ջանքերը կը մնան տեղքայլի մէջ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան երէկ հաստատեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն արագ կերպով կազմելու նոր կառավարութիւն մը` ընդգծելով, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 1 սեպտեմբերին պիտի վերադառնայ Լիբանան:

Լը Տրիան շեշտեց, որ Լիբանան վերանալու սպառնալիքին տակ կը գտնուի:

Այս ծիրին մէջ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր նշուեցաւ, թէ պէտք է կազմել կարողութիւններ ունեցող կառավարութիւն մը, որ արտակարգ պայմաններու մէջ մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման պիտի գտնուի:

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպելէ ետք անհրաժեշտ նկատեց կազմել արդիւնաւէտ կառավարութիւն մը, որ ժողովուրդին վստահութիւնը կը վայելէ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ:

Քննարկուեցան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Նշենք, որ արտաքին պետութիւններու կողմէ Լիբանանին ցուցաբերուած զօրակցութեան շրջագիծին մէջ Լիբանան ժամանած Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շեմփէյն երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան լուրջ բարեկարգումներ պէտք է կատարէ եւ փտածութեան վերջ տայ` աւելցնելով, որ Քանատա կը փափաքի Պէյրութի վերակառուցման աշխատանքին մասնակցիլ:

Շեմփէյն հաստատեց նաեւ, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը պէտք է ըլլայ խոր եւ թափանցիկ:

Նախագահ Աուն դրուատեց Լիբանանին զօրակցելու եւ օժանդակելու Քանատայի պատրաստակամութիւնը, որ կը փաստէ երկկողմանի ամուր յարաբերութիւններու գոյութիւնը:

Ան շեշտեց, որ հետաքննութիւնը պիտի ըլլայ խոր եւ պիտի բացայայտէ պայթումին բոլոր ծալքերը:

Շեմփէյն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Շեմփէյն յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին լոյսին տակ Լիբանանին կատարուած օժանդակութիւններու շրջագիծին մէջ Քանատա 30 միլիոն տոլար նուիրեց Լիբանանին` պայմանաւ որ ան բարեկարգումներ կատարէ:

Ապա Շեմփէյն այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր ծանօթացաւ հսկայական պայթումին գործած աւերին եւ վնասներուն:

Ան ընդգծեց, որ Քանատա պատրաստ է 8 միլիոն տոլարի յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրել Լիբանանին:

Ան այցելեց նաեւ հրշէջներու Պէյրութի կեդրոնը, Պէյրութի շտապի աշխատանքներ կատարող կամաւորներուն, որոնց հետ զրոյցի պահուն հաստատեց, որ Լիբանանին տրամադրուած միջազգային օժանդակութիւնները պէտք է առնչուին էական բարեկարգումներուն, իսկ անպատիժ ձգելու մօտեցումը պէտք է վերջ գտնէ:

 

Նախորդը

«Բնաւ Չեմ Զղջար Հանրապետութեան Նախագահ Ըլլալուս Եւ Օր Մը Օրանց Պատասխանատուութենէ Չեմ Խուսափած, Այլ Մինչեւ Վերջ Յանձնառու Եղած Եմ Անոր». Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Աքար. «Հայաստանը Իր Գլուխէն Մեծ Գործերու Միջամուխ Կ՛ըլլայ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?