Վատիկանի Ընդհանուր Քարտուղարը Ժամանեց Պէյրութ` Զօրակցելու Լիբանանցիներուն
Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Փիեթրօ Փարոլին երէկ ժամանեց Լիբանան` զօրակցելու համար Պէյրութի եւ անոր քրիստոնեայ ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն: Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումէն ամիս մը ետք, այսօր` 4 սեպտեմբեր 2020-ին, Ս. պատարագ պիտի մատուցուի պայթումին պատճառած զոհերուն յիշատակին նուիրուած, ինչպէս նաեւ համաշխարհային աղօթք պիտի կատարուի Պէյրութի արագ վերակառուցման նպատակով: Փարոլինը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեցին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար...




















