Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օհանեան-Գէորգեան Եւ Հասան Այցելեցին Մոհամետ Աթուիի

August 27, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ այցելեցին «Մաքասետ» հիւանդանոց` ստուգելու համար առողջական վիճակը Լիբանանի ֆութպոլի աստղերէն Մոհամետ Աթուիի, որ կը գտնուի հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ:

Օրեր առաջ Աթուի գլուխէն ստացած էր կոյր փամփուշտ մը եւ փոխադրուած հիւանդանոց:

Այցելութեան աւարտին Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ ինք առաջին օրէն հետեւած է Աթուիի վիճակին եւ կապ պահած անոր ընտանիքին հետ:

«Ֆութպոլի մեր աստղին ապաքինում կը մաղթենք եւ Աթուիի ու անոր ընտանիքին կողքին կանգնած ենք», նշեց Օհանեան-Գէորգեան` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն հետաքննութեան արդիւնքները` ըստ այնմ որոշում տալու նպատակով:

Իր կարգին, Հասան շեշտեց, որ «Մաքասետ» հիւանդանոցը պէտք եղած վիրահատումը կատարած է եւ բժշկական խնամքը տրամադրած Աթուիին, «իսկ մենք` ես եւ Վ. Օհանեան-Գէորգեանը կը գտնուինք անոր կողքին»:

«Մենք ընդառաջեցինք Աթուիի ընտանիքին փափաքին` անոր բժշկական տեղեկագիրը յղելով բազմաթիւ գիտական հեղինակութիւններու, որոնք գրեթէ նոյն տեղեկագիրները պատրաստեցին անոր վիճակին մասին: Իսկ տեղեկագիրները դժբախտաբար քաջալերելի չեն», ըսաւ ան:

Հասան յոյս յայտնեց, որ Աստուծոյ միջամտութեամբ դրական լուր մը արձանագրուի` հաստատելով, որ Աթուիի պարագային «Մաքասետ» հիւանդանոցի կողքին կը հետեւին նաեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցն ու «Քլեմանսօ» բժշկական կեդրոնը:

«Մենք Մոհամետի կողքին ենք եւ զայն պիտի չլքենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ, «ապահովական կառոյցները եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի կը հետեւին Աթուիի ստացած փամփուշտին շուրջ բացուած հետաքննութեան», հաստատեց ան:

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Կատարող Լիբանանցի Եւ Ֆրանսացի Բանակայիններուն Պիտի Միանան Նաեւ Իտալացիները

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութիւնը Երկարաձգեց Մինչեւ Տարեվերջ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.