Վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները երկուշաբթի, 31 օգոստոսին կատարելու զուգահեռ, նոր կառավարութեան կազմութեան ջանքերը կը շարունակուին:
Այս շրջագիծին մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլի եւ նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլի միջեւ:
Հանդիպումին ընթացքին կատարուած քննարկումները դրական էին, սակայն անոնք չանդրադարձան նոր վարչապետի անունին:
Կը նախատեսուէր, որ երէկ հանդիպում մը կատարուէր Ալի Հասան Խալիլի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ` քննարկելու համար վարչապետի թեկնածուին անունը:
Միւս կողմէ, Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետներ Թամմամ Սալամը, Նեժիպ Միքաթին եւ Ֆուատ Սինիորան, որոնց հետ քննարկեց յաջորդ վարչապետի թեկնածուի կարելիութիւնը:
Հանդիպումէն ետք կարգ մը լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ կարելի չէ եղած համաձայնութեան յանգիլ, իսկ այլ աղբիւրներ հաւանական նկատեցին Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը` իբրեւ քաղաքական բոլոր ուժերու համախոհական թեկնածու:
Նշենք, որ Սալամ իր կարգին ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ ներկայ իշխանութեան օրով վարչապետի պաշտօն ստանձնել:
Կառավարութեան կազմութեան առումով Էլիզէի պալատի պետական պատասխանատուներէն մէկը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն պիտի դիմէ` գործադրելու համար Լիբանանի բարեկարգումներու ծրագիրը:
Ան հաստատեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Մաքրոն պիտի այցելէ Լիբանան` լիբանանցի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն վրայ ճնշում բանեցնելու համար, որպէսզի անոնք կազմեն բարեկարգումները արագօրէն գործադրող կառավարութիւն մը:
Նոյն պատասխանատուն հաստատեց, որ Մաքրոն նշած է, թէ ինք անձնատուր պիտի չըլլայ այս իմաստով եւ լիբանանցիները պիտի մղէ կազմելու բարեկարգումներու գործադրութեան կառավարութիւն մը:
«Ժամանակն է արդէն, որ երկրին քաղաքական կուսակցութիւնները ժամանակաւորապէս իրենց դերակատարութենէն զիջին` երաշխաւորելու համար փոփոխութիւն յառաջացնելու վրայ աշխատող կառավարութեան մը կազմութիւնը», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Էլիզէի պալատի պետական այլ պատասխանատու մը «Սքայ նիուզ»-ին յայտնեց, որ Մաքրոն Լիբանան այցելութեան ընթացքին պիտի հաստատէ կարողութիւններ ունեցող կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ան կարենայ բարեկարգումներ իրագործել եւ միջազգային ընտանիքին վստահութեան արժանանալ:
«Մաքրոն շեշտեց, որ ինք անպայման պիտի լուծէ լիբանանեան տագնապը», հաստատեց նոյն պատասխանատուն:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան Մաքրոն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Ֆրանսա լքէ Լիբանանը, ապա հոն կրնայ քաղաքացիական պատերազմ բռնկիլ:
Նշենք, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ վարչապետի նշանակման երկուշաբթի օրուան երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները ճշդուած են` ամչնալով այն իրականութենէն, որ օր մը ետք նախագահ Մաքրոն պիտի վերադառնայ Լիբանան:
Ժոմպլաթ ընդգծեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի այն յայտարարութիւնը, թէ Լիբանան կրնայ վերանալ` նուազագոյն բարեկարգումները չգործադրելու պարագային:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկ հաստատեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է կենսական բարեկարգումները գործադրեն:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի որոշ վստահութիւն վայելող նոր կառավարութեան մը կազմութեան:
Վարչապետի Նշանակման Երեսփոխանական
Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու Ժամանակացոյց
Նախագահական պալատը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երկուշաբթի, 31 օգոստոս 2020-ին պիտի կատարէ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններ:
Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք միօրեայ երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները պիտի ընթանան հետեւեալ ժամանակացոյցին հիմամբ.
– Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի` ժամը 9:00-ին:
– Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի` ժամը 9:15-ին:
– Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ` ժամը 9:30-ին:
– Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի` ժամը 9:45-ին:
– Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխանական պլոք` ժամը 10:10-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Սաատէտտին Հարիրի, Ռուլա Թապշ, Նազիհ Նաժըմ, Մոհամետ Քապպարա, Հանրի Շտիտ, Պահիա Հարիրի, Թարեք Մերեհպի, Մոհամետ Սլէյման, Սամիր Ժսըր, Տիմա Ժամալի, Օսման Ալամէտտին, Սամի Ֆաթֆաթ, Ասեմ Արաժի, Մոհամետ Քարաաուի, Պաքր Հուժէյրի, Մոհամետ Հաժժար, Ուալիտ Պաարինի եւ Հատի Հպէյշ:
– Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոք` ժամը 10:20-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Մոհամետ Ռաատ, Ամին Շըրրի, Անուար Ժումաա, Իպրահիմ Մուսաուի, Հիւսէյն Հաժ Հասան, Ալի Մըքտատ, Իհապ Համատէ, Հասան Իզզէտտին, Հիւսէյն Ժեշի, Հասան Ֆատլալլա, Ալի Ֆայեատ եւ Ալի Ամմար:
– Ազգային համախմբում պլոք` ժամը 10:30-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Ֆարիտ Խազեն, Թոնի Ֆրենժիէ, Ըսթֆեն Տուէյհի, Ֆայեզ Ղոսըն եւ Մուսթաֆա Հիւսէյնի:
– Ժողովրդավարական հանդիպումի երեսփոխանական պլոք` ժամը 10:40-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Թայմուր Ժոմպլաթ, Նաամէ Թոհմէ, Աքրամ Շեհայէպ, Պիլալ Ապտալլա, Հատի Ապու Հասան, Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ֆայսալ Սայեղ:
– Անկախ կեդրոնի պլոք` ժամը 10:50-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Նեժիպ Միքաթի, Ժան Օպէյտ, Նիքոլա Նահհաս եւ Ալի Տարուիշ:
– Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխանական պլոք` ժամը 11:00-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Ասաատ Հարտան, Սելիմ Սաատէ եւ Ալպեր Մանսուր:
– Խորհրդակցական հանդիպում պլոք` ժամը 11:10-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Ուալիտ Սըքքարիէ, Ֆայսալ Քարամէ, Ատնան Թրապուլսի եւ Ապտել Ռահիմ Մըրատ:
– Հզօր հանրապետութիւն պլոք` ժամը 11:20-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Անթուան Հապշի, Անիս Նասսար, Փիեռ Ապու Ասի, Ժան Թալուզեան, Ժորժ Ատուան, Ժորժ Օքէյս, Ժոզեֆ Իսհաք, Զիատ Հաուաթ, Սթրիտա Թոք, Շաուքի Տաքքաշ, Իմատ Ուաքիմ, Ֆատի Սաատ, Քայսար Մաալուֆ, Էտի Ապի Լամաա եւ Ուեհպէ Քաթիշա:
– Անկախ երեսփոխաններ.
Միշել Մըր` ժամը 12:00-ին:
Էտի Տեմիրճեան` ժամը 12:05-ին:
Նուհատ Մաշնուք` ժամը 12:10-ին:
Ուսամա Սաատ` ժամը 12:15-ին:
Ֆուատ Մախզումի` ժամը 12:20-ին:
Միշել Տահեր` ժամը 12:25-ին:
Շամել Ռուքոզ` ժամը 12:30-ին:
Ժամիլ Սէյիտ` ժամը 12:35-ին:
Ժիհատ Սամատ` ժամը 12:40-ին:
– Հզօր Լիբանան համախմբում` ժամը 13:00-ին:
Համախմբումին մաս կը կազմեն. Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններ Ժըպրան Պասիլ, Իպրահիմ Քանաան, Նիքոլա Սահնաուի, Էտկար Թրապուլսի, Ժորժ Աթալլա, Սելիմ Աուն, Զիատ Ասուատ, Սելիմ Խուրի, Սիմոն Ապի Ռամիա, Ռոժէ Ազար, Էտկար Մաալուֆ, Էլիաս Ապու Սաապ, Ալեն Աուն, Հիքմաթ Տիպ, Ասաատ Տըրղամ, Մուսթաֆա Հիւսէյն եւ Անթուան Փանօ:
Հայկական երեսփոխանական պլոք. Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան:
Լեռնալիբանանի երաշխիք պլոք. Թալալ Արսլան, Սեզար Ապի Խալիլ, Մարիօ Աուն եւ Ֆարիտ Պուսթանի:
– Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոք` ժամը 13:15-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Նեպիհ Պըրրի, Անուար Խալիլ, Ալի Հասան Խալիլ, Ալի Խրէյս, Մոհամետ Նասրալլա, Եասին Ժապեր, Քասեմ Հաշեմ, Ալի Օսէյրան, Մոհամետ Խաուաժա, Ղազի Զաայթեր, Ալի Պեզզի, Միշել Մուսա, Հանի Քպայսի, Այուպ Հըմայէտ, Ինայա Իզէտտին, Իպրահիմ Ազար եւ Ֆատի Ալամէ: