Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը երկարաձգուեցաւ մինչեւ տարեվերջ եւ ապահովական ու զինուորական կառոյցներէն պահանջուեցաւ յաւելեալ խստութեամբ հետեւիլ նախազգուշական քայլերու եւ ընդհանուր զօրաշարժի օրէնքներուն գործադրութեան:
Խորհուրդը առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատարէն խնդրեց սեփական հիւանդանոցներուն հետ աշխատանքը համադրել եւ գործակցութեան եզրերու յանգիլ, որպէսզի առաւելագոյնը հինգ օրուան ընթացքին իւրաքանչիւր հիւանդանոցի մէջ կարելի ըլլայ «Քորոնա»-ի ժահրի յատուկ բաժանմունք հաստատել:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը պարտականութիւն տուաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք մը ներկայացնել` նախանցեալ գիշեր Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումին վերաբերեալ:
Խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելը` ընդգծելով այդ ուժերուն իրաւասութիւններուն մէջ փոփոխութիւն չկատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասուած քաղաքացիներուն օժանդակութիւնները արագ կերպով տրամադրելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ջանքերու համադրումն ու մէկտեղումը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանին հասած օժանդակութիւնները արդարութեամբ եւ թափանցիկութեամբ բաշխել:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր երկիրներուն, որոնք անմիջական օժանդակութիւն տրամադրեցին Լիբանանին:
Անդրադառնալով «Քորոնա»-ի համաճարակին` նախագահ Աուն ընդգծեց քաղաքացիներուն կողմէ «Քորոնա» ժահրին նկատմամբ պատասխանատու վարուելակերպ ցուցաբերելու եւ նախազգուշութիւններուն յանձնառու մնալու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ շեշտեց, որ եթէ «Քորոնա»-ի համաճարակին տարածումը այս կերպով շարունակուի, ապա երկիրը պիտի հասնի ժամանակաշրջանի մը, որուն ընթացքին պիտի կորսնցնէ «Քորոնա»-ին դէմ պայքարելու իր կարողութիւնը:
Տիապ անհրաժեշտ նկատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը աւելի արագ թափով ընթանայ:
Ան ընդգծեց, որ ինք Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն խնդրած է արբանեակային լուսանկարներ տրամադրել Լիբանանին` օժանդակելու համար նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան:
«Պէյրութի նաւահանգիստին աղէտալի պայթումը սովորական ոճիրի նժարին պէտք չէ դասել», ըսաւ Տիապ:
Նշենք, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին ներկայ գտնուեցան վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ, փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքր, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի ներկայացուցիչ գնդապետ Նեպիլ Հանուն, ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ, Զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատաւոր Ֆատի Աքիքի, բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուր, Ընդհանուր ապահովութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն գնդապետ Մինահ Սաուայա, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ գնդապետ Խալետ Համմուտ, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ նախագահ Աունի ապահովական եւ զինուորական հարցերու պատասխանատու գնդապետ Պուլոս Մաթար:
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը
Հասաւ 14.248-ի, Մահուան Պարագաներունը` 139-ի,
Իսկ Ապաքինածներունը` 3955-ի
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 14.248-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 561 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 557-ը` տեղացիներ, իսկ 4-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 139 պարագաներ մահացած են, իսկ 3955 ուրիշներ` ապաքինած:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ Լիբանան պաշտօնապէս մուտք գործած է «Քորոնա»-ի համաճարակին երկրորդ ալիք` հաստատելով, որ օրական դրութեամբ արձանագրուած վարակուածներու եւ մահացողներու թիւերը ժխտական ցուցանիշներ են:
Հասան կոչ ուղղեց բոլորին յարգելու ընդհանուր զօրաշարժի օրէնքները եւ լուրջ վերաբերելու «Քորոնա» ժահրին հետ:
Ապահովութեան Ուժերը Կը Ձերբակալեն
ՏԱՀԵՇ-ական Մը
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին գործադրած նախազգուշական ապահովութեան ծրագիրի շրջագիծին մէջ ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի անդամ ահաբեկիչ մը` Հ. Օ., որ սուրիացի է, ծնեալ` 2000-ին:
Հարցաքննութեան ընթացքին ան խոստովանած է, թէ ինք ահաբեկիչ է, որ ապօրինի կերպով մուտք գործած է Լիբանան եւ որոշ շրջանի մը համար ապրած Շաթիլայի մէջ:
Ըստ ահաբեկիչին խոստովանութիւններուն, ան փափաքած է վերադառնալ Սուրիա, սակայն փաստաթուղթերու պատրաստութեան ընթացքին ձախողութեան պատճառով, որոշած է մնալ Լիբանան եւ հոն գործուելիք ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրել:
Ան կը ծրագրէր թիրախ դարձնել լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը` ջոկատի մը կամ զօրամասի մը մէջ մխրճուելէ ետք անձնասպանական գործողութիւն մը կատարելով:
Սուրիացի ահաբեկիչը հաստատեց, որ այս միտքը յղացած է, երբ Ժմմէյզէի շրջանին մէջ աշխատավարձի փոխարէն նաւահանգիստի պայթումին պատճառած աւերակները աւլած է ու նշմարած բանակային շրջուն ջոկատներու ներկայութիւնը: Ան խոստովանած է նաեւ, որ ինք պայթուցիկ նիւթերը պիտի ստանար Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայանէ մը: