Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Բացարձակ Առաջնահերթութիւնը Բարեկարգումի, Արդիւնաւէտութեան, Գործօն Եւ Բարեկարգումի Ծրագիրի Յանձնառու Կառավարութեան Մը Կազմութիւնն Է»
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընթացիկ ելեկտրոնային նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը ուշադիր կը հետեւի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքներուն եւ կը մաղթէ, որ այդ իմաստով Արդարութեան գերագոյն խորհուրդը յանգի յստակ արդիւնքներու, պայմանով որ այդ արդիւնքները նկատի ունենան բոլոր այն անձերը, որոնք 2013-էն ի վեր ստանձնած...




















