Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստը Կոչ Կ՛ուղղէ` ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգելու` Անոնց Թիւը 15-էն 13 Հազար Զինուորի Նուազեցնելով

August 28, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը կոչ ուղղեց` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու եւ անոնց թիւը 15-էն 13 հազար զինուորի նուազեցնելու:

Նշենք, որ Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուեցաւ Ֆրանսայի կողմէ մշակուած բանաձեւ մը, որուն մէջ անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն իրաւասութիւնները աւելնան եւ անոնք իրաւունք ստանան Կապոյտ գիծի հիւսիսային շրջանին մէջ խուզարկումներ կատարելու` յատկապէս դէպի Իսրայէլ երկարող գետնափոր փապուղիներ բացայայտելու նպատակով:

Միացեալ Նահանգներ իրենց կարգին խորհրդակցութիւններու ընթացքին շեշտեցին, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն թիւը նուազի, ինչպէս նաեւ քննադատեցին այդ ուժերուն գործունէութիւնը` հաստատելով, որ անոնք Հըզպալլայի դէմ քայլերու չեն դիմեր:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կոչ ուղղեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը աւելի ճկուն ըլլան եւ շարժելու իրաւասութիւններ ստանան:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք ինքնազսպումի ենթարկուելու կոչ ուղղեց Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի:

Ան նշեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը երեքշաբթի, 25 օգոստոսին, ուշ գիշերուան ժամը 11:00-ին,  սկսած են նշմարել լուսաւոր ռումբեր, որոնք կ՛արձակուէին իսրայէլեան ուժերուն կողմէ` սահմանային Կապոյտ գիծին երկայնքով:

Տիւժարիք յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ իր կարգին կապ հաստատած է երկու կողմերուն հետ եւ կոչ ուղղած` ինքնազսպումի ենթարկուելու:

Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի իր կարգին դիտել տուաւ, որ Հըզպալլա ապահովական իր գործողութեան ձեռնարկած է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու դիրքերուն կից վայրէ մը:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ երեկոյեան Աշուրայի առիթով սարքուած սգոյ երեկոյին ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ հարաւային Լիբանանի դէմ ֆոսֆորիք եւ լուսաւոր ռումբերու արձակումը կարեւոր եւ զգայուն հարց է, որուն մանրամասնութիւններուն աւելի ուշ կարելի է անդրադառնալ:

 

 

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ. «Պէտք Է Գործակցիլ Թափանցիկութեան Ամէնէն Բարձր Չափանիշներուն Հիման Վրայ` Դուրս Գալու Համար Ամբողջ Լիբանանը Հարուածած Աղէտէն»

Յաջորդը

Հանրախանութներուն Եւ Դեղարաններուն Մէջ Խուճապի Մթնոլորտ Սկսած Է

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.