Կրակմարի Դրութիւնը Պիտի Սկսի Երեկոյեան
Ժամը 10:00-Էն Մինչեւ Առաւօտեան Ժամը 6:00
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 14,935-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 689 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 680-ը տեղացիներ, իսկ 9-ը Լիբանան ժամանած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 146 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 4133 ուրիշներ ապաքինած:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութիւնը երէկ որոշեց «Քորոնա»-ի համաճարակին վերաբերող ընդհանուր զօրաշարժին վերաբերեալ հետեւեալ նոր տնօրինումները որդեգրել.
– Ուրբաթ, 28 օգոստոս 2020-էն սկսեալ կրակմարի դրութիւն հաստատել երեկոյեան ժամը 10:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00:
– Պետական հաստատութիւնները իրենց դռները բաց պիտի պահեն` աշխատանքային սովորական ժամերուն:
– Այսօրուընէ սկսեալ բոլոր հաստատութիւններն ու վաճառատուները կրնան վերաբանալ իրենց դռները` առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
– Լիբանանի բոլոր նահանգներուն մէջ, ամէն տեսակի վաճառատուներ, շուկաներ, ծովափներ եւ մարզադաշտեր (բացօթեայ) պիտի բացուին:
Նշենք, որ մոլերը, սննդեղէնի վաճառատուները` հանրախանութներ, մսագործներ, հաւեղէնի յատուկ վաճառատուներ, փուռերը եւ դեղարանները, սրճարանները, անուշավաճառներն ու ճաշարանները կրնան գործել առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00:
Պէյրութի միջազգային օդակայանը բնականոն կերպով պիտի գործէ:
Նախարարութեան համաձայն, բոլոր քաղաքացիները պէտք է դիմակներ գործածեն, առողջապահական նախազգուշութիւններուն հետեւին` պահպանելու համար իրենց առողջութիւնը, ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանեն, ինչպէս նաեւ զգուշանան համախմբումներէ:
Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ լողաւազանները, փակ մարզադաշտերը, խաղավայրերը, փապերը, գիշերային զբօսավայրերը, թատերասրահները, շարժապատկերի սրահները, ինչպէս նաեւ ընկերային հիւրասրահները պիտի շարունակեն փակ մնալ:
Կրակմարի դրութեան պարագային բացառութիւն կը նկատուին Լիբանանեան Կարմիր Խաչը, ապահովական կառոյցները, մամուլն ու լսատեսողական լրատուամիջոցները, լրագրողներն ու խմբագիրները, պենզինի կայարանները, ջուրի ընկերութեան պաշտօնեաները, վառելանիւթ փոխադրող ընկերութիւնները, պանդոկներն ու վարձու յարկաբաժինները, տպարանները, պայմանաւ որ այդ մարզերուն մէջ գործող պաշտօնեաները իրենց աշխատանքի յատուկ փաստաթուղթերը պարզեն` որեւէ անցարգելի կողմէ պահանջուելու պարագային:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ «Սէն Ժորժ» հիւանդանոցին մէջ բացումը կատարեց «Քորոնա»-ի համաճարակի բաժանմունքին:
Այս առիթով ան կոչ ուղղեց բոլոր հիւանդանոցներուն, ստեղծելու առիթը, լաւագոյնս ծառայելու մարդ արարածին ու լծուելու անոր առողջապահութեան ապահովման: