Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրախանութներուն Եւ Դեղարաններուն Մէջ Խուճապի Մթնոլորտ Սկսած Է

August 28, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ երկու օր առաջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, թէ առեւտրական նպատակներու օժանդակելու համար Լիբանան չի կրնար օգտագործել պահ դրուած այն գումարը, որ պարտադիր է պետութեան մը համար:

«Այդ աստիճանին հասնիլը կ՛ենթադրէ կասեցնել ամէն տեսակի օժանդակութիւն եւ զօրակցութիւն կամ ֆինանսաւորում», ըսաւ Սալամէ:

Ան ընդգծեց, թէ ինք համաձայն է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի այն առաջարկին, որ Ֆրանսայի Կեդրոնական դրամատան ֆրանսացի փորձագէտներ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան հաշուեքննութիւն կատարեն:

«Մեր նպատակն է, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողները իրենց գումարները վերստանան, սակայն ասիկա որոշ ժամանակ կ՛ենթադրէ», ըսաւ Սալամէ:

Նկատի ունենալով սննդեղէնի որոշ տեսականիի, վառելանիւթի եւ դեղորայքի համար Կեդրոնական դրամատան տրուած օժանդակութեան կասեցման հաւանականութիւնը` լիբանանցիները սկսան ուղղուիլ հանրախանութներ եւ դեղատուներ` ապահովելու համար իրենց դեղորայքն ու ուտեստեղէնի պարէնը:

Այս շրջագիծին մէջ Դեղորայք ներածողներու սենտիքայի նախագահ Քարիմ Ժպարա յայտնեց, որ դեղորայքի օժանդակութեան կասեցումը մարդկային աղէտի համազօր պիտի ըլլայ, որովհետեւ ներկայիս քաղաքացին դեղերու սակին միայն 35 առ հարիւրը կը վճարէ եւ արդէն իսկ դժուարութիւն կ՛ունենայ, «իսկ օժանդակութեան կասեցման պարագային ան կրկնապատիկը պիտի վճարէ` ստանալու համար տուեալ դեղատեսակ մը», ըսաւ Ժպարա:

Միւս կողմէ, Վառելանիւթի կայաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սամի Պրաքս հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան օժանդակութեան կասեցումը կը նշանակէ, որ եթէ պենզինի թիթեղին սակը լիբանանեան դրամանիշով հաշուելու համար` 4000-ի արժէքով պիտի բազմապատկուի, ապա անիկա պիտի արժէ 60 հազար լ. ոսկի, իսկ եթէ 7500-ի արժէքով պիտի բազմապատկուի` ապա պենզինի թիթեղը աւելի քան 100 հազար պիտի արժէ:

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստը Կոչ Կ՛ուղղէ` ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգելու` Անոնց Թիւը 15-էն 13 Հազար Զինուորի Նուազեցնելով

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 14,935-ի, Մահուան Պարագաներունը` 146-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 4133-ի

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.